Կառավարութեան մէջ թաքսիի ծառայութիւններ մատուցող շարք մը ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու եւ անհատ ձեռնարկատէրերուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտնած է, որ յառաջիկային Արցախի մէջ պիտի նուազի խտացուած կազին գինը։
Վարչապետը որոշած էր հանդիպում ունենալ ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ, որովհետեւ քանի մը օր առաջ հանրապետութեան նախագահին եւ ոլորտի ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուած էր այս բնագաւառին մէջ առկայ որոշ խնդիրներ, եւ յանձնարարական տրուած էր համապատասխան մարմիններու մասնակցութեամբ քննարկումներ իրականացնելու:
Հանդիպման ընթացքին ոլորտի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են զիրենք յուզող հարցերը: Գրեթէ բոլորն ալ մտահոգ էին Արցախի մէջ խտացուած կազի որակով եւ գինով, որ Հայաստանի հետ բաղդատելով աւելի սուղ է։ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը հաստատած է, որ պետութիւնը լծակներ ունի միայն մեծ սպառողներուն վրայ եւ արդէն իսկ յանձնարարուած է, որ անոնք վերատեսութեան ենթարկեն իրենց գինը՝ հակառակ պարագային կառավարութեան լիազօր մարմինին կողմէ պիտի ենթարկուին համապատասխան պատիժներու: Վարչապետը տեղեկացուցած է նաեւ, որ իր յանձնարարականով, ստեղծուած է յատուկ յանձնաժողով՝ խտացուած կազի որակը ստուգելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.