
ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ.- Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի Օվերէյսվլ նահանգի խորհրդարանը, Յուլիս 2ին կայացած իր նիստին ընթացքին ընդունեց բանաձեւ մը, որով արտայայտուած է խորհրդարանի դիրքորոշումը անցեալ ամիս տեղի ունեցած թրքական կազմակերպութիւններու բողոքի ցոյցին հանդէպ, որ ուղղուած էր Ալմելոյի հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին դէմ: Այդ ցոյցին ընթացքին, հայ ժողովուրդի հասցէին եղած են վիրաւորական արտայայտութիւններ եւ կոպիտ ձեւով հերքուած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Յուլիս 2ի բանաձեւը, որ ներկայացուած էր Քրիստոնէական միութիւն (CU), Բարեփոխուած քաղաքական կուսակցութիւն (SGP), Ազատութեան կուսակցութիւն (PVV) եւ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կոչ (CDA) խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն կողմէ, կը վկայակոչէ 1915-1918 Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն քաղաքացիներու (հայերու, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու) ջարդերը:
Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ վերջ տալու Ցեղասպանութիւնը ժխտողներու բողոքի ցոյցերուն եւ կը յայտնէ, որ նահանգը կ՛ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ակնարկելով այդ մասին Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ 2004ին վաւերացուած բանաձեւին:
Նշենք, որ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը անցեալ շաբաթ երկիրի իրաւապահ մարմիններուն բողոք ներկայացուցած էր թրքական կազմակերպութիւններուն կատարած բողոքի ցոյցին դէմ։