
ԵՐԵՒԱՆ.– «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ 2011 թուականէն Եւրամիութեան աջակցութեամբ կը կայանայ «Բեմադրիչներ առանց սահմաններու» նախագիծը, որ նպատակ ունի նոյն հարթակին մէջ միաւորել Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու շարժապատկերի գործիչները։
Այս տարի «Բեմադրիչներ առանց սահմաններու» 8րդ միացեալ արտադրութեան տարածաշրջանային ֆորումին համար ընտրուած են 14 նախագիծեր, որոնք պիտի մրցին զարգացման երեք դրամաշնորհներու համար:
«Ֆիլմեր առանց սահմաններու» ծրագիրը Երեւանի մէջ պիտի ներկայացնէ Արեւելեան Գործընկերութեան երկիրներուն եւ Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն ստեղծուած 17 թեմաթիք ժապաւէններ:
Ծրագիրի ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեան նշած է, որ արտադրական նման հարթակներ կարեւոր են որեւէ փառատօնի համար, որովհետեւ վերջին տարիներուն փառատօներու առաքելութիւնը նաեւ շարժապատկերի արտադրութեան խթանումն է: