ՎԻԵՆՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց, որ այս շաբաթասկիզբը տեղի ունեցած Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ իր հանդիպումները «լաւ էին», սակայն ինք դժուար բանակցութիւններ կը դիմագրաւէ՝ նշելով, որ այժմ Իրանի հետ Վեցեակի բանակցութիւնները կը կեդրոնանան հիւլէական զէնքերու տարածման եւ Իրանի հիւլէական ծրագիրի սահմանները գծելուն վրայ: «Իրանի հետ երկարաժամկէտ համաձայնութեան մը հարցով պիտի խորհրդակցիմ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ», նշեց Քերի, որ իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ Վիեննայի մէջ երկու իրերայաջորդ օրերու հանդիպումներէն ետք՝ յայտնեց, որ կարիք կայ յաւելեալ աշխատանքի:
Ուաշինկթըն վերադառնալու ընթացքին, Քերի ընդգծեց, որ մինչեւ Յուլիս 20, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան մը ձեռքբերումը տակաւին կարելի է, որովհետեւ զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է արդէն:
Զարիֆ իր կարգին շեշտեց, որ «լուրջ քննարկումները» պէտք է շարունակուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.