
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, Արժանթինի տրուած պաշտօնական իր այցին ընթացքին, Հայաստանի նախագահը ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Պուէնոս Այրէսի հայ գաղութին կողմէ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հիւրաբար ներկայ գտնուեցան ՀՅԴի, ՀԲԸՄի, ՌԱԿի եւ ՍԴՀԿի կեդրոններուն ու խմբագրատուներուն մէջ։
Այդ ընդունելութեանց շարքին, «Արմէնիա» մշակութային ընկերակցութեան «Եդուարդ Սէֆէրեան» կեդրոնին մէջ, ընկերակցութեան պատասխանատուներուն կողմէ Հայաստանի նախագահին տրուած է «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» գրութեամբ նուէր, որուն ի պատասխան, շնորհակալական իր խօսքով, պրն. Սերժ Սարգսեան ի միջի այլոց նշած է.
«Այս խօսքերն անչափ պարտաւորեցնող են, որովհետեւ մեզնից իւրաքանչիւրը զինուոր է. զինուոր է իր պարտականութիւնների շրջանակներում, զինուոր է իր պատասխանատուութեան շրջանակներում, զինուոր է իր գաղափարի համար, եւ ես չափազանց ուրախ եմ, որ մեր ազգային կառոյցները, մեր ազգային կուսակցութիւնները մեզ հպարտութիւն են ներշնչում, եւ մենք նաեւ դրանով տարբերւում ենք ուրիշներից:
«…Մեր խնդիրն է, որպէսզի մենք մեր ջանքերը նորոգենք, մեր խնդիրն է, որպէսզի եկող սերնդի մէջ այս կրակը վառ պահենք մի կողմից՝ ամրապնդելով Հայաստանում պետականութիւնը, միւս կողմից ամրապնդելով Սփիւռքն ու մեր կառոյցները: Մենք իրարով ենք ուժեղ: Մենք միասին շատ բան կարող ենք անել։
«…Շնորհիւ այս գաղափարի՝ մենք բոլորս զինուոր ենք, այո, զինուոր ենք, եւ զինուոր էլ մնալու ենք: Այսպէ՛ս կարելի է միայն Հայաստանը ուժեղացնել»:
Դժուար չէ ենթադրել, թէ Արժանթինի դաշնակցական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները ինչո՞ւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» գրութեամբ իմաստաւորած են Հայաստանի նախագահին տրուած յաւուր պատշաճի իրենց նուէրը։
Դաշնակցականին համար կուսակցական երկրորդ քայլերգի վերածուած է «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»ը։ Նոյնիսկ մեծ թիւով դաշնակցականներու համար, «Մշակ, բանուոր»էն աւելի արտայայտչական եւ պայքարունակ կը հնչէ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգը։
Հայաստանի նախագահն ալ քաջատեղեակ կը թուի ըլլալ այդ պարզ իրողութեան։ Հաւանաբար այդ պատճառով ալ պրն. Սերժ Սարգսեանի պատասխանը եղած է. «Մենք բոլորս զինուոր ենք… եւ զինուոր էլ մնալու ենք»:
Առաջին ակնարկով միայն գոհունակութեամբ կարելի է արձագանգել այս լրատուութեան եւ ընդգծել, թէ ահա՛ խօսուն ապացոյցը ազգովին մեր արձանագրած յառաջխաղացքին դէպի Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներու ամրապնդումը, դէպի հայ քաղաքական միտքի ներքին միասնականութեան արմատաւորումը։
Բայց առաջին ակնարկով ստացուած այդ բաւարարութեան անմիջապէս կը հետեւի անհանգիստ մտորումներու ալիքը, որովհետեւ յայտնապէս զիրար հասկնալու դժուարութիւնը դեռ չէ յաղթահարուած եւ խուլերու խօսակցութիւնը տակաւին կը շարունակուի մեր կեանքին մէջ։
Ինչո՞ւ։
Պարզապէս այն պատճառով, որ Հայաստանի նախագահը միայն զինուորներ կը տեսնէ զինք ողջունող արժանթինահայերուն մէջ, անտեսելով որ հեռաւոր այդ ափերուն վրայ Հայաստանի նախագահին առջեւ գլուխ խոնարհողները սոսկ զինուորներ չեն, այլ՝ ԱՆԿԵՂԾ զինուորներ են։
Թերեւս պրն. Սերժ Սարգսեան բաւականաչափ ծանօթ չէ հայկական յեղափոխութեան գաղափարական աւանդներուն եւ, հետեւաբար, տարրական պատկերացումը չունի «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» ուխտը զսպանակող կամաւոր անձնազոհութեան հրաշազօր ուժին մասին։
Հաւանաբար պրն. Սարգսեան այնքան վերեւներէն՝ հայոց Ազգային բանակի ընդհանուր հրամանատարի «անհասանելի» բարձունքէն կը նայի հայ իրականութեան, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, որ սոսկ զինուորներ կը նկատէ իր տեսադաշտին մէջ։
Անհաւանական չէ, նաեւ, որ Արժանթինի մէջ Հայաստանի այսօրուան նախագահը ողջունող «անկեղծ զինուոր»ի ուխտեալները, իրենց կարգին, հասարակ զինուորներու պէս միայն յարգալիր բարեւի կեցած են պրն. Սարգսեանի առջեւ, չեն փորձած Հայաստանի նախագահին յուշելու Ազգի եւ Հայրենիքի հրամայական պահանջներուն մասին, անոնց բաւարարման ի խնդիր անձնուիրաբար զոհուելու «անկեղծ զինուոր»ի նախագահական կոչումին մասին…
Ինչ որ ալ ըլլան հաւանական բացատրութիւնները, պարզ ու դաժան իրողութիւնը այն է, որ Հայաստանէն ծով ու ովկիանոս անդին, Հայաստանի նախագահն ու սփիւռքահայ պատասխանատուներ աստիճան մը աւելի խորացուցին ու ծանրացուցին ազգային ինքնահաստատման մեր յառաջխաղացքին սպառնացող… քաղցկեղը։
Խուլերու խօսակցութեան քաղցկե՛ղը։
Ոչ միայն Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ լիարժէք հաղորդակցելու դժուարութեան քաղցկեղը, այլեւ՝ նոյնինքն հայրենաբնակ հայութիւնը ներքնապէս կոտորակող ու բաժնող անհասկացողութեան քաղցկեղը։
Մի հարցնէք, թէ ի՞նչ քաղցկեղի մասին է խօսքը։
Խօսքը կը վերաբերի ամենայն չարաշահութեամբ, ցեցի նման, Ազգի եւ Հայրենիքի ներուժը կրծելու, մսխելու եւ փոշիացնելու քաղցկեղին։
Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին մեր պետական նաւուն ղեկը ստանձնած իշխանաւոր ուժին հետեւողականօրէն կիրարկած ինքնավերարտադրման ԱԽՏին…
Պետութեան հետ իբրեւ սեփական ագարակի վարուելու իշխանապաշտութեան այդ ախտը վարակած է հայ քաղաքական ամբողջ մարմինը, հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքեան ամէնէն խուլ անկիւնները։
Վարակած է՝ իրաւ արժէքները կեղծ նմանակումներով փոխարինելու եւ իրենց իմաստէն պարպելու ամբոխավարութեամբ, ժողովրդավարական եւ ազգայնաշունչ ճարտասանութեամբ բռնակալ իշխանաւորի մերկ իրականութիւնը ծածկելու պատեհապաշտութեամբ, որուն պարագայական դրսեւորումներէն մէկն է, պարզապէս, Հայաստանի նախագահին արժանթինեան այն յայտարարութիւնը, թէ՝
«Մենք բոլորս զինուոր ենք։ Այսպէ՛ս կարելի է միայն Հայաստանը ուժեղացնել»։
Ի՜նչ զինուոր…
Երեսուն տոկոսով աղքատութեան դատապարտուած հասարակութեան մը մէջ, քանի մը տարուան ընթացքին միլիոններով տոլար կուտակած իշխանաւորը կրնա՞յ… զինուոր ըլլալ։
Պրն. Սերժ Սարգսեանի նախագահական կարծիքով՝ այո՛, Ազգին եւ Հայրենիքին ԶԻՆՈՒՈՐ կրնայ նկատուիլ, նաեւ, պետութեան եւ հասարակութեան հաշւոյն հարստութեան մէջ յղփացողը…
Հայաստանի պետական իշխանութեան համակարգը ղեկավարող երրորդ նախագահն է պրն. Սերժ Սարգսեան եւ, դժբախտաբար, միակը չէ, այլ պարզապէս շարունակողն է իշխանական այն վարքագիծին, որ իր գործած չարաշահումներով՝ այժմէական հնչեղութիւն տուած է Ազգն ու Հայրենիքը ներքին ցեցերէ մաքրելու գաղափարական անհրաժեշտութեան։
Այո՛, «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»…
Բայց ի՞նչ մնացած է «անկեղծ զինուոր»ի ուխտէն եւ անձնազոհութենէն։
Մի հարցնէք, թէ ի՞նչ քաղցկեղի մասին է խօսքը։
Խօսքը կը վերաբերի ամենայն չարաշահութեամբ, ցեցի նման, Ազգի եւ Հայրենիքի ներուժը կրծելու, մսխելու եւ փոշիացնելու քաղցկեղին։
Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին մեր պետական նաւուն ղեկը ստանձնած իշխանաւոր ուժին հետեւողականօրէն կիրարկած ինքնավերարտադրման ԱԽՏին…
Պետութեան հետ իբրեւ սեփական ագարակի վարուելու իշխանապաշտութեան այդ ախտը վարակած է հայ քաղաքական ամբողջ մարմինը, հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքեան ամէնէն խուլ անկիւնները։
Վարակած է՝ իրաւ արժէքները կեղծ նմանակումներով փոխարինելու եւ իրենց իմաստէն պարպելու ամբոխավարութեամբ, ժողովրդավարական եւ ազգայնաշունչ ճարտասանութեամբ բռնակալ իշխանաւորի մերկ իրականութիւնը ծածկելու պատեհապաշտութեամբ, որուն պարագայական դրսեւորումներէն մէկն է, պարզապէս, Հայաստանի նախագահին արժանթինեան այն յայտարարութիւնը, թէ՝
«Մենք բոլորս զինուոր ենք։ Այսպէ՛ս կարելի է միայն Հայաստանը ուժեղացնել»։
Ի՜նչ զինուոր