ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիգրանակերտի մէջ, Յուլիս 16ի երեկոյեան պատահեցաւ լուրջ դէպք մը, որ ծանր գրգռութիւն էր եւ կրնար ճամբայ բանալ շատ աւելի ծանր հետեւանքներու։ Արդարեւ, անծանօթներ յարձակեցան քաղաքապետութեան «իֆթար»ի վրանին վրայ, ուր ամերիկեան հիւպատոսարանը այդ իրիկուն ընթրիք պիտի հրամցնէր։ Բախումներուն ընթացքին հինգ հոգի վիրաւորուեցաւ։
Պատահարէն ետք, քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք այցելեց կուսակալ Մուսթաֆա Ճահիտ Քըրաչին եւ բացատրութիւններ տուաւ պատահարին մասին՝ պահանջելով, որ պատասխանատուները երեւան հանուին։ Ան շեշտեց, որ ոստիկանութիւնը թերացումներ ունեցած է այս պատահարին ընթացքին։ Իսկ Քըշանաք, բացատրութիւններ տալով մամուլին՝ ըսաւ. «Ասիկա շատ մեծ գրգռութիւն մըն էր։ Բոլոր հայրենակիցները կը հրաւիրեմ աւելի զգայուն ըլլալու, նմանօրինակ գրգռութիւններու դէմ դիրք գրաւելու եւ ամէն ինչ ընելու, որպէսզի այս գրգռիչներուն ուզածը չիրականանայ»։
Քըշանաք ըսաւ, որ ձայնասփիւռի կարգ մը կայաններու կողմէ գրգռիչ հաղորդումներ կատարուած են, գրգռութեան կոչեր արձակուած են, եւ զարմանալին այն է, որ ապահովութեան տնօրէնութիւնը լուր չունի այս բոլորէն եւ միջոցներու չէ դիմած անոնց դէմ. ան խոստացաւ կարելին ընել՝ յարձակումին ծալքերը լուսաբանելու համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.