ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 18 Յուլիսին՝ ժամը 7։00ի շուրջ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին մէջ մահացու կերպով վիրաւորուած է 20ամեայ զինուոր Գէորգ Աւագեանը։ Զայն սպաննելու կասկածով ձերբակալուած է անոր ծառայակիցը՝ ժամկէտային զինծառայող, շարքային Արմէն Սարգսեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ այս առնչութեամբ քրէական գործ յարուցուած է, կը կատարուի հետաքննութիւն։ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնն է յայտնում շարքային Գէորգ Արտէմի Աւագեանի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.