Այս տարի Չինաստանի 11 ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ իրենց կրթութիւնը պիտի շարունակեն 19 հայ երիտասարդներ:
Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանատան մէջ 22 Յուլիսին տեղի ունեցաւ 2014–2015 ուսումնական տարուան կրթաթոշակներու յանձնման պաշտօնական արարողութիւն, որուն մասնակցեցան Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեան, Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչուն:
Շնորհաւորելով կրթաթոշակի արժանացած հայ երիտասարդները՝ նախարար Արմէն Աշոտեան կարեւոր նկատած է հայ–չինական համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ ուսանողներէն ակնկալութիւնները շատ մեծ են ու անոնց լեզուի իմացութիւնը եւ Չինաստանի մէջ ստացած գիտելիքները անոնք կրնան օգտագործել ո՛չ միայն Հայաստանի տնտեսական ու հասարակական կեանքին մէջ, այլ նաեւ մօտիկ ապագային նախատեսուող հայ–չինական վարժարանի կայացման գործին մէջ: Ուսանողներուն իրենց բարեմաղթութիւնները յղած են նաեւ դեսպանը եւ նախարարի տեղակալը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.