ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով, 23 Յուլիսին տարբեր լրատուամիջոցներ ներկայացնող խումբ մը լրագրողներ այցելած են Արցախի հիւսիսային թեւ՝ Մարտակերտի շրջան, ծանօթացած ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ընկերութիւններուն մէջ իրականացուած ու ընթացքի մէջ եղող կարգ մը աշխատանքներու:
Լրագրողներուն կ՛ընկերակցէր վարչապետի խորհրդական Արամ Մխոյեանը: Լրագրողները նախ ծանօթացան Արցախ ջրելեկտրականութեան «Մատաղիս–1» փոքր ելեկտրակայանի աշխատանքներուն, ապա ուղղուեցան դրացի Թալիշ գիւղ: Թալիշի հողատարածքներուն մէջ ոռոգման համար արդէն օգտագործման յանձնուած է տարածաշրջանին մէջ աննախադէպ հզօրութեամբ ջրմուղակայան, որ այժմ ի վիճակի է ջուր մղել վայրկեանը առաւելագոյնը 750 լիթր: «Պոմպակայանն առաւելագոյն հզօրութեամբ օգտագործելու պարագայում հնարաւոր է ոռոգել աւելի քան 1000 հեկտար հողատարածք», յայտնած է Արամ Մխոյեան: Սահմանամերձ այս գիւղին մէջ կառավարութիւնը մշակած է նոր գիւղատնտեսական ծրագիր: «Թալիշ» հիմնադրամը նպատակ ունի կառավարել համայնքին պատկանող դաշտերու մշակման աշխատանքները: Ծրագիրի նախնական արդիւնքները գոհացուցիչ են: Նախապէս մշակուած ծրագիրով, լրագրողները այցելեցին նաեւ Կաշէնի հանքավայր: «Բէյզ-Մեթըլս» հանքարդիւնաբերական ընկերութեան գործադիր տնօրէն Արթուր Մկրդումեանի ընկերակցութեամբ լրագրողները այցելեցին բացահանք, ծանօթացան հանքահումքային նիւթերուն, արծարծեցին տարբեր հարցեր: «Նման ձեւաչափով ծանօթութեան այցերը կառավարութեան կողմից կը լինեն շարունակական», նշած է վարչապետի խօսնակ Արտակ Բեգլարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.