ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդ ուրիշին թէ իրեն տրամադրած ժամանակը միշտ շահու կ՛ուզէ վերածել: «Շահ» ըսելով, այստեղ միայն նիւթական եկամուտ կամ յափշտակուած որեւէ գանձ, առիթ, իրաւունք կամ այլ տեսակի հարստութիւն պէտք չէ՛ իմանալ: Ընդհակառակը, զայն պէտք է ըմբռնել դրական իմացումով, այսինքն՝ մսխելու հակառակ առումով, երբ ամէն ինչ դէպի համայնական օգտի ուղղութեան վրայ է:
Ժամանակին անցքը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ անձայն ու անշշուկ: Անոր ոտնաձայնը բացառիկ անձեր միայն կը լսեն, անոնք որոնք գերզգայուն հոգեկան ականջներ ունին, ու մանաւանդ գիտակցութիւն՝ ո՛չ միայն ժամանակը օգտագործելու, այլ՝ նոյնիսկ «տեսնելու»: Որովհետեւ անձայն ու անշշուկ անցնող ժամանակին շուքը կարելի՛ է տեսնել, եթէ ուշադիր սեւեռենք մեր նայուածքը անոր վրայ:
Չշահուուած կամ կորսուած ժամանակին հանդէպ գիտակցութիւնն է, որ յառաջ կը բերէ մեծ հիասթափութիւն մը, որուն պատճառաւ խորագոյն ցաւով կը տառապի այդ ժամանակը կորսնցուցած մարդը: Իսկ կան նաեւ այնպիսի անձեր, որոնք բնաւ այդ գիտակցութեան չեն գար: Այսինքն՝ չեն կրնար հասնիլ այնտեղ, ուր կարենան իսկապէս անդրադառնալ, թէ իրենց սպառած ժամանակը, ուրիշին նուիրած անհաշիւ վայրկեանները պարզապէս անոնց կողմէ շահագործում եղած են, իսկ ինք միայն տուժող մըն է այդ ամբողջ ժամանակին մէջ: Սա մարդու ընկերային կազմաւորման հետ առնչութիւն ունեցող նիւթ մըն է: Մարդիկ իրարու չեն նմանիր նաեւ այս իմաստով: Ոմանք սկիզբէն կը ծրագրեն, թէ ընկերային փոխյարաբերական կեանքին մէջ ինչքա՛ն ժամանակ իրենց պիտի վերապահեն եւ ինչքա՛ն ժամանակ ուրիշին պիտի տրամադրեն: Իսկ ուրիշներ այդ ծրագրաւորումը պատահականութեան կը թողուն ու, կեանքի հոսանքին յանձնուելով, թոյլ կու տան, որ կեանքը ի՛նք առաջնորդէ զիրենք:
Առաջին պարագայի շեշտումը որոշ մարդոց մօտ, շրջապատին կողմէ յաճախ կը թարգմանուի իբրեւ անձնասիրութիւն: Այսինքն՝ ան, որ իր ժամանակը տնօրինել գիտէ եւ միայն որոշ ժամեր կը տրամադրէ ուրիշին, անձնասէր կը նկատուի: Նման անձերու ընկերասիրական զգացումներն ալ երբեմն հարցականի տակ կ՛առնուին, մանաւանդ տեսնելով անոր անձնական կեանքի խիտ ժամանակացոյցը, որ առիթ չի տար ուրիշներու ներթափանցման: Ոմանք կը խղճան այսպիսիներուն, ըսելով թէ անոնց կեանքը անմակընթաց ու միապաղաղ առօրեայով զմռսուած է եւ ինքնին՝ յոգնեցուցիչ:
Իր ժամանակը ամբողջութեամբ ուրիշին տրամադրող եւ խո՜ր թմբիրի մէջ եղողները յաճախ «քնաբեր դեղահատեր» պէտք է ընդունին առանց իմանալու, որպէսզի գիտակցութեան լոյս չծագի իրենց միտքին մէջ: Այդ «դեղահատ»երը երբեմն անտեղի գնահատականներ են, լայնքին ու երկայնքին շռայլուած, որոնք այնքա՜ն մեղմութեամբ կը հովահարեն ժամանակը սպաննողի փառասիրութիւնը, որ անոր այնպէս կը թուի, թէ անմերձենալի բարձունքներէ փչող զեփիւռը կը պլլուի իր հոգիին, գգուելով էութիւնը ամբողջ ու զօրացնելով ծուծը մարմինի ոսկորներուն: Ու այս անտեղի գնահատականները կը կրկնուին այնքան ատեն, որ սթափումի նշաններ ցոյց չի՛ տար «նուիրեալ» ինքնասպանը, որ իր նուիրած ժամանակին հետ ինք ալ կը սպառի անդարձ:
Այդ ցաւը անբուժելի է, եթէ անշուշտ գիտակցութեան լոյսով լուսաւորուի ու վերջնականապէս դուրս բերէ «նուիրեալ»ը իր երկարամեայ թմբիրէն: Վերջնականապէս, այո՛, որովհետեւ զայն կարելի չ՛ըլլար այլեւս նոյն՝ ժամանակասպան դերին մէջ դնել կամ որեւէ գործով խանգարել անոր յառաջատուական ընթացքը: Ան այլեւս բնա՛ւ չ՛ունենար անցեալի դէպքերը վերապրելու ընդունակ ջիղեր, մէկ խօսքով, չի՛ կրնար իր սուղ ժամանակը տրամադրել անարժէք որեւէ աշխատանքի կամ ինքնասպառ ծառայութեան: Այնուհետեւ, իր կեանքին դիմաց բացուած նոր ժամանակին ամէն մէկ վայրկեանը կը դառնայ իսկապէս թանկարժէք եւ նոյնիսկ՝ աշխարհի ամէնէն սուղ արժող գոհարին հետ անփոխարինելի: Այնուհետեւ տր-ուող որեւէ խոստում, առաջարկ կամ հեռանկար պարզապէս կը թուին անարժան փառքի կեղծ պատմուճաններ, որոնք հակառակ շողշողուն թելերով հիւսուած ըլլալնուն, ոսկեթելերու բանուածք չեն երբե՛ք, այլ՝ ամէնէն հասարակ դերձանով պատրաստուած ցնցոտիներու կարկտաններ սոսկ:
Կորսուած ժամանակը իր ցաւը կը թողու այնպէս, ինչպէս անակնկալ արկածը անջնջելի սպիներ պիտի թողէր մեր մարմինի չյուսացած տեղերուն՝ դէմքի կամ ձեռքերու ամէնէն երեւելի մասերուն վրայ:
Մսխուած ժամանակին համար աւաղելն ալ իմաստ ու նշանակութիւն չունի: Անիկա պարզապէս հովին ետեւէն վազք պիտի ըլլար, բայց ո՞վ կրնայ գիտնալ, թէ հովը ո՞ր կողմէն պիտի փչէ կամ ո՞ւր պիտի երթայ…
Աստուածաշնչեան իմաստութիւնը կը հաստատէ, թէ ամէն ինչի ժամանակը կայ (Ժղ 3.1-8): Գիտնականներու բերնով կ՛ըսուի նաեւ, թէ անջրպետը կրնայ ունենալ բազմաթիւ այլ արեւներ ալ, որոնց շուրջ կրնայ ըլլալ կը դառնան այլ մոլորակներ՝ կենսատու լոյսը ըմպելով: Բոլոր արեւներն ալ սկիզբ ունեցած ըլլալով, բնականաբար, ունին նաեւ իրենց վախճանը: Սակայն, ժամանակը ամբողջութեամբ ուրիշներուն բաշխած ու մսխած մարդը, երբ գիտակցութեան կու գայ, այն ատեն միայն կ՛իմանայ, թէ այդ արեւներէն ոմանք իրենց ներոյժի սպառումին չեն սպասեր մարելու համար, այլ ի՛ր իսկ երկնակամարին վրայ անոնք մար կը մտնեն, յաջորդ առաւօտ չծագելու կտրուկ պայմանադրութեամբ:
Անոնց խօսքը կը ցամքի այլեւս, ու ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կը գործէ լեզուն, որ հրաշագործ կը կարծուէր իր ճկունութեամբ: Որովհետեւ կորսուած ժամանակին ցաւն է, որ կը սկսի բարբառելու անընդհատ, կոտտալով աղեցան վէրքի նմանողութեամբ: Այդ ցաւը ամոքելու միակ կերպը յարատեւ աշխատանքն է, օրուան բոլոր ժամերուն օգտագործումով, այն սին խաբկանքով սակայն, թէ կորսուած ժամանակին հաշուետոմարը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Ափսո՜ս որ կարելի չէ՛ այդ տոմարը ձեռք առնել: Պատմութեան հաշուապահներուն գաղտնադարաններու փոշիներուն ընկեր դարձած կ՛ըլլայ արդէն անիկա, որուն մէջէն մէկ թիւ, նոյնիսկ կոտորակի աննշան արժէքով, կարելի չէ՛ աւելցնել կամ պակսցենել:
Կորսուած ժամանակին ցաւը՝ որդեկորոյս մօր կամ հօր ցաւին նման, մեր մնայուն ընկերակիցը կը դառնայ, մինչեւ մեր մահուան սնարը, որուն մէջ տարածուած պիտի յիշենք, թէ ինչքա՜ն ժամանակ վաճառած ենք այնքան աժան արժէքով…