
ԲԻՒՐԱԿԱՆ.- Համա–ՀՄԸՄական 10րդ բանակումը արդէն իսկ ընթացք առած է Բիւրականի մէջ, Հայաստան, մասնակցութեամբ աւելի քան 750 սկաուտներու, որոնք Հայաստան ժամանած են 18 շրջաններէ։
Բանակումը սկսաւ Հինգշաբթի, 31 Յուլիս 2014ին, դրօշակի պաշտօնական արարողութեամբ, որուն ընթացքին Բիւրականի ընդարձակուած եւ վերանորոգուած բանակավայրին մէջ կատարուեցաւ բացման ներքին հանդիսութիւն։
Ապա, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները բանակումի խմբապետական կազմին եւ շրջաններու գլխաւոր պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Եռաբլուր, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ նահատակ Վարդան Բախշեանի, Վիգէն Զաքարեանի շիրիմներուն վրայ ու յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախեան պատերազմի նահատակներու յիշատակին։
Յետմիջօրէի ժամը 6։30ին բանակումի մասնակիցներու փառաւոր եւ տպաւորիչ տողանցքով Ազատութեան հրապարակէն ուղղուեցան Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն, ներկայութեամբ պետական եւ այլ պաշտօնական հիւրերու։ Ապա բոլորը ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Հանրապետութիւն հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բացման հանդիսութեան ընթացքին ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանն ընթերցեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքը:
Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:
Բանակումի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը ըսաւ Քանատայի մշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քերին: Բանակումի հանդիսաւոր մեկնարկին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Լիլիթ Գալստեանը:
«ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անունից ողջունում եմ աշխարհի 17 երկրները ներկայացնող հայ երիտասարդներին հայրենիքում: ՀՄԸՄն իր տասներորդ բանակումն է անցկացնում իր անկախութիւնը վերագտած հայրենիքում: Շնորհաւորում եմ ձեզ: Հայրենիքը հզօր է հզօր Սփիւռքով , Սփիւռքը հզօր է կայացող, զարգացող պետութեամբ: Համոզուած եմ, որ հայրենիքում անցկացրած տասը օրերը պէտք է լինեն հայրենաճանաչութեան, հայրենիքով լիցքաւորուելու անմոռանալի օրեր: Մաղթում եմ, որ ձեր բանակումը արդիւնաւէտ լինի», իր խօսքին մէջ ըսաւ Լիլիթ Գալստեան: