ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ոմանց համար թերեւս կրնայ մխիթարական թուիլ, որ բաժան-բաժան ապրելով հանդերձ՝ հայութիւնը կրնայ այդպէ՛ս, օրհասական վտանգի ահագնացման պարագային, մէկդի նետել զինք բաժնող կամ պառակտող տարակարծութիւնները։ Աւելի՛ն. նման պարագաներու մէջ, անմիաբան մեր ժողովուրդը կրնայ լիովին բարեշրջուիլ ու, միասնական կամքով եւ հաւաքական ուժով, դիմագրաւել Ազգին թէ Հայրենիքին սպառնացող մարտահրաւէրները։
Խորքին մէջ այնքան ալ մխիթարուելու հիմք չի ներշնչեր այդօրինակ ազգային հոգեկերտուածքը, մանաւանդ երբ միայն «դանակը ոսկորին հասնելու» պարագային է, որ Ազգի ուժերը կը յաջողին քով-քովի գալ եւ մէկ մարդու պէս ծառանալ վտանգին դէմ։
Հայոց պատմութեան Գորդեան հանգոյցներէն մէկն է տարբեր դարաշրջաններու հաւաքական մեր երթը զսպանակած այս հակասութիւնը։
Փաստօրէն, հայ ազգային հոգեբանութեան համար, խոցելիութեան ու թերարժէքութեան բարդոյթի աղբիւր դարձած են միայն վերջին պահուն ազգային միասնականութեան կամ միաբանութեան յայտնաբերումն ու ամրագրումը։
Ամբոխային տրամաբանութիւնը, անկասկած, հիմնական դեր ունի նման բարդոյթի յառաջացման մէջ, որովհետեւ հայկական անմիութեան կամ անմիաբանութեան շուրջ իրապէս հիւսուած են… առասպելներ։
Ընդհակառակն՝ բաղդատական ու քննական ուսումնասիրութիւնները կրնան հաստատել, որ այլ ժողովուրդներու յարաբերաբար, հայութիւնը այնքան ալ դժուարութիւն ունեցած չէ միաւորուելու Ազգին եւ Հայրենիքին հիմնական կռուաններուն ու արժէքներուն շուրջ՝ անոնց պահպանման եւ պաշտպանութեան ի խնդիր բոլոր ուժերով պայքար մղելով։
Այս առումով միայն ամբոխային տրամաբանութեան կը ծառայէ այն լորձնաշուրթն ինքնագովութիւնը, որ վերջին օրերուն թափ առած է Հայաստանի մէջ, ատրպէյճանական զօրքի գրգռիչ գործողութեանց միասնական ճակատով հակահարուած տալու հայրենի քաղաքական ուժերու, թէ՛ իշխանութեան ղեկին գտնուող եւ թէ ընդդիմադրութեան մաս կազմող կուսակցութիւններու դրսեւորած վճռականութեան մասին։
Երբ ատրպէյճանական գրգռութիւնները հայկական բանակի երիտասարդ ծառայողներու կեանքը կը խլեն, հայրենի քաղաքական ուժերուն միասնական դատապարտումն ու զսպիչ հակահարուած տալու վճռականութիւնը պահանջուած նուազագոյնն են։
Աւելի՛ն կը պահանջուի Հայաստանի իշխանութիւններէն, եթէ չենք ուզեր, որ «դանակը ոսկորին հասնի»…
Ատրպէյճանական կողմի գրգռիչ եւ նախայարձակ քայլերը այսքան յառաջ պէտք չէ երթային եւ, քաղաքական ազդու միջամտութեամբ, անհրաժեշտ հակակշռի տակ պէտք է առնուէին, որպէսզի չյանգէին այս աստիճան ողբերգութեան։
Նոյնիսկ հայկական բանակի հակադարձ՝ պատժիչ ու զսպիչ գործողութիւնը նուազագոյնն է, թերեւս բաւարար ալ չէ, որ սանձ դրուի ատրպէյճանական կողմի ռազմապաշտ գրգռութեանց։
Պաքուի ոտնձգութիւնները ի վերջոյ կը խրախուսուին ոչ միայն թրքական կողմի լիաբուռն աջակցութեամբ, ոչ միայն Եւրոպայի ու Ամերիկայի այսպէս կոչուած խաղաղարար ու հաշտարար միջնորդութեամբ, այլեւ՝ նոյնինքն Ռուսիոյ շրջանային քաղաքականութեան… զիկզակներով։
Հայաստանն ու հայութիւնը զուրկ են նաեւ Ատրպէյճանի սեւ ոսկիի հարուստ պահեստներէն, որպէսզի կարենան նկատառելի ազդեցութիւն ունենալ Անդրկովկասի մէջ ընթացող մեծապետական զինարշաւի ծանրակշիռ մրցապայքարին վրայ։
Ատրպէյճանը սանձելու համար Հայաստանի ունեցած կարեւորագոյն երաշխիքը սեփական ժողովուրդի դիմադրական կորովին ամրապնդումն է։
Իսկ մեր ժողովուրդը ի վիճակի է թէ՛ իր ազգային բանակին մարտունակ ոգին անխոցելի պահելու, թէ՛ հասարակական իր դժուարութեանց դէմ յանդիման՝ ակռաները սեղմելով թշնամիին դէմ հարուածող բռունցք ցուցաբերելու, եթէ ներքաղաքական դաշտը զբաղեցնող ուժերը, իշխանաւոր ըլլան անոնք թէ ընդդիմադիր, վերջակէտ դնեն պատերազմի առնէտներու տակաւին շարունակուող… ներքին մրցավազքին՝ չարաշահումներուն եւ մենաշնորհներուն, անարդարութեանց եւ յղփացումներուն։
Այլապէս, տարբեր խաղադաշտերու վրայ եւ իրարու հետ կապ չունեցող խաղականոններով պիտի շարունակուի հայեւատրպէյճանական մրցավազքը։
Ատրպէյճանական կողմը շատոնց կատարած է իր ընտրանքը եւ, այդ ճամբուն վրայ, ստացած է մեծապետական աշխարհին հովանաւորութիւնը։ Ալիեւի «հանրապետութիւն»ը կայ ու կը մնայ եւ այդ աւատատիրութեան ամրապնդման համար մեծապետական աշխարհը Արցախի հաշւոյն… գոհացում կ՛ուզէ պատճառել Պաքուի տէրերուն։
Հայկական կողմը Ատրպէյճանի ախորժակները սանձելու շատ միջոցներ չունի, մանաւանդ որ իշխանութիւն-հասարակութիւն ճեղքն ու խրամատը աւելի ու աւելի կը խորանան ճիշդ այն ժամանակ, երբ Հայաստան ամէն բանէ առաջ եւ վեր պէտք ունի սեփական ժողովուրդին անվերապահ ու միասնական գործակցութեան։
Իսկ հայկական միակամ եւ ուժեղ բռունցքի ամրապնդման համար, Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ընդհանրապէս քաղաքական վերնախաւը, որոշապէս ընդդիմադիրները ներառեալ, իրաւունք չունին այսպէս մսխելու սեփական ժողովուրդին վստահութիւնն ու յոյսերը։
Իրաւունք չունին, մանաւա՛նդ, ձեռնածալ նստած սպասելու, որ ատրպէյճանական «դանակը ոսկորին հասնի»… որպէսզի մեր ժողովուրդին խենթերը գտնեն օրհասական վտանգը դիմագրաւելու հնարը։