ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օր, անժամանակ անձրեւին պատճառով, հազիւ հազ դպրոց հասած էի: Է՜հ, ինչ ընէի, այս էր ուսանողական տարիներու կեանքս՝ վազվզուք: Մէկ կողմէ համալսարան, միւս կողմէ ալ քաղաքի հեռաւոր մէկ անկիւնի հայաշատ շրջանը գտնուող հայկական վարժարանէ մը ներս շաբաթական 10 պահերու համրանքով, նախակրթարանի աւարտական կարգի հայերէն լեզուի դասատու:
Բարեբախտաբար դէպի դպրոց ճամբուս ընթացքին, «օթոպիւս»ին մէջ նստած տեղս արագ մը աչքէ անցուցած էի պատրաստութեան տետրակս: Հիմա գիտէի, թէ այսօր ինչ պիտի ընէի կամ սորվեցնէի: Իսկապէս, որ յաճախ կը մեղքնայի այս աշակերտներուս, որոնք օրուան վերջին պահուն հայերէն պիտի սորվէին: Միւս կողմէ ալ յոգնած, ջարդուած եւ մանաւանդ վայրկեան առաջ տուն երթալ ուզող աշակերտներուն, այսպէս վերջին պահուն դաս տալը կամ «հայերէն սորվեցնելը» իրապէս, որ սիրտ կ՛ուզէր, կամք կ՛ուզէր, ջիղ կ՛ուզէր:
Օրական մէկ պահ հայերէն եւ շաբաթը պահ մըն ալ կրօնի պիտակին տակ հայոց պատմութիւն… Ահա քեզի Սփիւռք: Արաբերէն լեզուն եւ իր ծրագիրը արդէն կլանած ու խեղդած էին աշակերտը: Այդ լեզուն էր տիրապետողը, որուն հետեւանքը բաւական ծանր էր բոլորիս վրայ, ծնողք, աշակերտ եւ անշուշտ՝ հայերէն լեզուի ուսուցիչ: Մեր մայրենին մնացած էր շուքի տակ: Տարիներէ ի վեր մեր ապրած երկիրին մէջ այս էր իրականութիւնը: Մեր նախակրթարանի եւ երկրորդականի շրջաններուն ալ պետական ծրագիրը նոյնն էր: Այս էր պետութեան որոշումը:
Սակայն այս ուրիշ ցաւ էր: Ուստի…
Արագ մը դասարան մտայ վերէն վար թրջուած եւ աւելին՝ փետտուած հաւու մազերով: Հաւանաբար բոլորն ալ կ՛աղօթէին, որ անձրեւին պատճառով այդ օր դպրոցէն բացակայէի: Սակայն, երբ զիս տեսան, բոլորին դէմքերուն վրայ յուսախաբութեան կնիք մը դրօշմուեցաւ կարծես: Աշակերտի հոգեբանութիւն: Այս մէկը շատ յստակ կերպով նշմարած էի, երբ գրատախտակին առջեւ կենալով, առանց մազերէս վազող ջուրը սրբելու կամ չորցնել ձեւացնելու, լայն ժպիտով մը բարեւելէ ետք՝ «անցնինք մեր դասին» ըսած էի, հանդիսաւոր շեշտով:
Իր կարգին դասարանը լուռ էր: Մուտքիս՝ հին ու աւանդական սովորութեան համաձայն՝ թիւով տասը աշակերտներ, շուտով նախ ոտքի կեցած էին, ապա արագ նստած: Իսկ հիմա չորս մանչ եւ վեց աղջիկ զիս կը դիտէին: Այս էր աւարտական կարգը, որ այս տարի քանի մը շաբաթէն պիտի ներկայանար «սերթըֆիքայի» նախակրթարանի յատուկ պետական քննութեան:
Այս եւ նման կէտեր ամէն անգամ միտքիս մէջ համարձակ կը տողանցէին: Ու հիմա եկուր եւ «հայերէն դաս տուր»:
Աշակերտական տարիներէս, շատերու մօտ արդէն սկսած էր հայերէն լեզուի նպատմամբ չափանիշներու խախտումը եւ սկզբունքներու արժէքազրկումը: Այս մէկուն լաւատեղեակ էի: Ինչ կրնայի ընել:
Դասապահերուս աշակերտներս չզրկելու համար հայրենի մթնոլորտէն, քիչ մը կատակով, քիչ մըն ալ զուարճութեամբ, խնդումերես՝ կ՛աշխատէի ստեղծել յատուկ մթնոլորտ մը, որուն մէջէն պիտի կարենայի փոխանցել հայերէն լեզուի հանդէպ սէրն ու գուրգուրանքը: Ուստի, ինքզինքս հաւաքեցի ու դասիս պատրաստուեցայ:
Յիշեցի, որ անցեալ դասին բարդ եւ ածանց բառերուն ծանօթացուցած էի: Արագ մը փորձեցի վերաքաղ մը ընել տալ: Քանի մը աղջիկներ միայն կրցան հարցումներուս ճշգրիտ պատասխանել եւ միաժամանակ հոգիս լեցնել հայ ուսուցիչի մը յատուկ ցանկալի գոհունակութեամբ մը: Ապա նշմարելով տղոց տեսակ մը անտարբերութիւնը, այս անգամ փորձեցի զիրենք ալ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ խառնել եւ հարցումներս անոնց ուղղել.
– Դո՛ւն ըսէ, Յովսէփ, տղա՛ս, կրնա՞ս «մայր» բառով, ածանց բառ մը կազմել, – ըսի յստակ եւ հասկնալի ձայնով:
Դասարանը յանկարծ անսովոր լռեց: Ինը փոքր եւ անմեղ գլուխներ դէպի Ճուզէֆին կողմը դարձան: Զինք այսպէս կը ճանչնային, այս անունով: Միայն ես էի, որ իսկական անունով զինք կը կանչէի: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, այդ պահուն Յովսէփը զատած էի, որ գրեթէ արաբախօս ալ էր: Անփորձութեանս արդիւնք, կ՛եզրակացնէի: Ծնողքը, երկիրին սահմանամերձ շրջանը կ՛ապրէր: Ինք, հո՛ս, իր մեծ մօր մօտ կը մնար: Երեք քոյրերուն մէկ հատիկ մանչ զաւակն էր՝ ծնողքին յոյսը:
– Ըհ, պարոն, ըսեմ, «հալլա», հիմա, վայրկեան մը, «տաքիքա», հա՛, ըսեմ. «Մայրը թաղեմ».- ըսաւ բարձրաձայն, կաղ եւ դողացող հայերէնով մը, որուն իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ բազմաձայն աղմուկը ալեկոծեց դասարանը: Յովսէփ մնաց շուարած: Դասարանի աղմուկը ժխոռի վերածուած էր եւ նոյնիսկ դուրսի հիւանդ արեւուն տակ տեղացող անձրեւի ձայնը խեղդած: Շուարած էր: Իր արտասանած բառերը մնացած էին մերկ, իր միտքին նման՝ պատկերաւոր ժխոռ:
Յայտնի էր, որ ես ալ շուարած էի: Բոլորս ալ անակնկալի եկած էինք: Դասարանը շուտով զգաստութեան հրաւիրեցի: Լռութիւնը դարձեալ տիրեց: Յովսէփ տակաւին ոտքի էր:
Անձնապէս ես վարժ էի այս կեանքին: Չէ որ տակաւին քանի մը տարիներ առաջ ես ալ իմ կարգիս աշակերտ եղած էի, ան ալ ի՜նչ աշակերտ, կարգ մը ուսուցիչներուն «հոգին բերանը բերող», սակայն ոչ անկիրթ: Այս մէկն ալ ուրիշ նիւթ էր:
Ամփոփուեցայ: Պէտք էր այդպէս ըլլայի: Այլապէս… Գլուխս փեթակի նման կարծես կ՛երգէր: Հիմա բոլորը զիս կը դիտէին: Ի՞նչ պիտի ըսէի կամ ընէի, ես ալ չէի գիտեր:
– Էհ, բայց ինչո՞ւ կը խնդան կոր պարոն, «լէշ», ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ քի, – յանկարծ Յովսէփ շարունակեց խաղաղ նայուածք մը նետելով վրաս, որ ոչ միայն յուշ կը պատմէր, այլ նաեւ համակրանք ալ կը յայտնէր: Բոլոր տագնապները իր սիրտին մէջ էին: Վարկեանին կարծեցի, թէ իր բառերը ուրիշ տեղերէ կու գային: Ինծի համար բոլորովին անծանօթ տեղէ մը:
Սենեակը կրկին աղմկեցաւ:
– Պարո՛ն, ես ինչ ընեմ ածանց բառը. շարունակեց Յովսէփ գրեթէ յուզուած եւ նոյնիսկ ջարդուած ձայնով, պապաս կ՛ուզէյէ քի շուտով մեծնամ եւ ըրեն օգնեմ. կ՛ըսէյէ քի հայերէնը փոր չի կշտացներ: Պարոն, «էնէ»՝ ես, պէտք է պապայիս օգնեմ…
Մէկ խօսքով ըսել կ՛ուզէր, թէ ինք ո՜ւր, ածանց բառը ո՜ւր:
Կրկին անգամ կանչերու հոսանք մը գլորուեցաւ շարքերէն դուրս: Ականջներուս չէի հաւատար: Համարձակութիւնն ալ երբեմն սահման պէտք էր ունենար: Բայց կարծես «վէրքը» բաւական հասունցած էր ու հիմա անոր թարախն էր, որ կը վազէր անհոգ եւ տեսանելի:
Ծնողքին բծախնդրութեան պակասը հանդէպ մեր լեզուին, մեր մշակոյթին, մեր ազգին արդէն պարզուած ու բացայայտուած էր անմեղօրէն եւ անգիտակից:
– Լա՛ւ, Յովսէփ, դասէն ետք, ես ու դուն կը խօսինք, – ըսի համոզիչ ու պատուիրեցի որ տեղը նստի:
Զգալի էր, որ հիմա դասարանէն ներս կեանքը դժոխք դարձած էր: Սխալ բան մը կար հոս, այս չոր ու ցամաք եւ անգոյն պատերով սենեակի մթնոլորտէն ներս: Սխալ եւ անժամանակ: Այլեւս տեսանելի էր Յովսէփի բառերուն ետին, այդ պարզութեան ետեւ թաքնուած խոր ու զսպուած թախիծը: Մեղք մը կար գործուած, որ սեւ ձիւթի նման կ՛եռար այս փոքրերուն ուղեղներուն մէջ:
Հայերէնը փոր չի կշտացներ: Ո՞վ կրնայ բացատրել… արդեօք իրաւունք ունէ՞ր նման բան մը հրապարակելու:
Նայեցայ աշակերտներուս, որոնք զիս կը դիտէին օտար աչքերով: Քարէ տրտմութիւն մը նշմարեցի բոլորին անմեղ դէմքերուն վրայ: Ի՞նչ էր իրենց յանցանքը, եթէ իբրեւ Սփիւռքի զաւակ այս աշխարհը բերուած էին: Օ՜հ, Աստուած իմ, ահա քեզի խցանուած խեղճութիւն մը:
Ուստի՛, արագ ելք մը կը փնտռէի: Արդարացուցիչ ճամբայ մը: Խօսք մը, այս փոքրիկ ուղեղները համոզելու, թէ հայերէնը իրապէս փոր ալ կը կշտացնէ: Վկայ՝ անձս: Կարծես անձնապէս կեցած ըլլայի էութեանս ճակատագրական շեմին, շուարած՝ նոյնքան ալ՝ կասկածոտ:
Կը զգայի, որ դասապահի ժամը կամաց-կամաց կը մաշէր, ու չեմ գիտեր ինչպէս ինծի համար նոյն այս ժամանակը դարձած էր անըմբռնելի: Ահա երիտասարդ տարիքիս նոր եւ քիչ մը շատ կանուխ հասունցած ճգնաժամ մը, որ միտքիս հետ զուգահեռ՝ հոգիս ու մարմինս ալ կը մաշեցնէր:
Ի՞նչ պիտի ըսէի այս տղուն: Ահա այս մասին կը մտածէի: Իրաւունք ունէր կամ ոչ, այդ չէր հարցը: Թերեւս իրաւունք ալ ունէր. հապա հայրը, չէ՞ որ «պապա» էր. ա՛ն ալ մարդ էր, պիտի ապրէր եւ ապրեցնէր: Ուրեմն ա՛ն ալ իրաւունք ունէր, ե՛ս ալ, դպրո՛ցն ալ, ա՛զգն ալ: Ահա՛ սփիւռքեան կեանքի հեգնանքը: Ճապաղում: Խառնարան: Նահանջ: Նոյնքան ալ վարակիչ մտայնութիւն:
Ահա քեզի հայրենիքէդ, հարազատ պապենական հողէդ հազարաւոր մղոններ հեռու, այս երկիրին մէջ հայ ըլլալու եւ մնալու բարդոյթ: Խոր ու անյատակ: Ցաւ մը, որ շատերուն կը դարձնէ կոյր եւ ինքնամոլ: Այսպէս կ՛ըլլան ազգեր, երբ իրենց ոտքին տակ հայրենի հող չունին եւ կամ կը կորսնցնեն իրենց դարաւոր հողն ու անոր կապը:
Մանկութենէս հաւատացած եմ հրաշքներու, բայց միշտ ալ՝ յուսախաբ եղած: Արդեօք ո՞ր հրաշքով կարելի պիտի ըլլար մեր Յովսէփին ցաւը ամոքել:
Չեմ գիտեր, միայն այն գիտեմ, որ պարապի մէջ ես ինծի ման կու գայի: Սակայն յստակ էր նաեւ միւս իրականութիւն-իրողութիւնը, որ ներկայիս, շատեր հայութեան աղմուկէն զանազան պատրուակներով կը հեռանան: Այլ խօսքով, պատրանք մը կայ, եւ զայն ազգովին կ՛ապրինք ու կը շնչենք ամէն օր:
***
Ասկէ աւելին չեմ յիշեր: Մի՛ հարցնէք, թէ վերջը ի՞նչ պատահեցաւ կամ ի՞նչ խօսեցայ այդ խեղճ տղուն հետ, որովհետեւ ալ բան չեմ յիշեր: Միայն այն գիտեմ, որ երբեմն մարդուս լեզուն կ՛արձագանգէ, ինչ որ հոգին պատրաստած է: Նաեւ գիտեմ, որ շուտով յիսուն տարի պիտի ընէ ինծի համար «պատմական» այս միջադէպը, որ միեւնոյն ժամանակ կեանքիս փորձաքարերէն մէկը հանդիսացած էր:
Անցեալ օր, երբ ծրագրած էի Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներուս ածանց բառը բացատրել եւ սորվեցնել, յանկարծ այս դէպքը յիշեցի ու այս առթիւ, այդ օրերուն մեր մայրենիին հանդէպ սէրն ու յարգանքը ու անոր անյայտ ճակատագիրը, անհանդարտ վիշտով ու խռովեալ սրտով, ե՛ւ յուսահատ ե՛ւ յուզումով: