ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ այրող փամփուշտներով հայկական բնակավայրերը կրակի տակ պահելու իբրեւ հետեւանք իրենց տուներէն զրկուած Տաւուշի մարզի Այգեպար գիւղի երկու ընտանիքները բնակարաններ ստացած են: Տաւուշի մարզպետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ խնդիրը լուծուած է մարզպետ Յովիկ Աբովեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ:
«Երկու բնակարանատէրերն էլ ապահոված են բնակարանով: Բնակարանները երեք սենեականոց են՝ համապատասխան գոյքով: Բնարակարանները գտնւում են հէնց իրենց բնակավայրում: Նոյնիսկ մի ընտանիք կ՛ունենայ սեփական աւտոտնակ», նշած են մարզպետարանէն՝ ընդգծելով, որ երկու այրած տուներու բնակիչներուն օգնելու հարցը Տաւուշի մարզպետարանի առաջնահերթ խնդիրներէն մէկն էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.