Հայ երիտասարդ երգահան, 26ամեայ Էռնեստ Դուլգարեան 27 Յուլիսէն 5 Օգոստոսին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի մէջ կայացող «Անթոնին Տվորժաք» երգահաններու միջազգային 5րդ մրցումին գրաւած է երկրորդ հորիզոնականը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի երգահաններու միութեան կայքը:
Համաձայն մրցումի կանոններուն՝ Դուլգարեան հինգ օրուան ընթացքին պէտք է գրէր երկու նոր ստեղծագործութիւն՝ մասնակիցներուն առաջարկուած երաժշտական նիւթերու հիման վրայ: Երգահանը գրած է կրկնակի խուսափերգ (ֆիուկ) լարային քառեակի համար եւ «Էքսփրոմ»չ լարային նուագախումբի եւ հարուածայիններու համար՝ արժանանալով դատական կազմի բարձր գնահատականին:
Էռնեստ Դուլգարեան Երեւանի պետական երաժշտանոցի մագիստրոսի աստիճանով շրջանաւարտ է՝ երգահան Էդուարդ Միրզոյեանի վերջին աշակերտը: 2012ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած Եուրի Ֆալիքի անուան երգահաններու միջազգային մրցումին արժանացած է առաջին մրցանակին: Նոյն թուականին ան դարձած է Փարիզի մէջ կայացած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կազմակերպած «Սայաթ Նովա» երգահաններու միջազգային երկրորդ մրցումի մրցանակակիր: Յաղթած է նաեւ միջազգային շարք մը մրցումներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.