ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, իր պաշտօնը ստանձնելէ ետք, նախ Ատրպէյճան պիտի այցելէ. այս մասին յայտնած է ան՝ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին: Էրտողան յայտարարած է, որ Ատրպէյճանէն ետք, ան հիւսիսային Կիպրոսի Թուրքիոյ բռնագրաւած շրջանը պիտի այցելէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.