ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը, Սերժ Թանքեանի հետ իւրայատուկ համագործակցութեամբ, պիտի ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Թանքեանի եւ Ճան Փսաթասի յօրինած «100 Տարիներ» ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ օփերայի երգչախմբային կտորներ՝ Վերտիէն, Փուրսելէն, Վակնըրէն, Չուխաճեանէն ու Տիգրանեանէն։ Պիտի ներկայացուին նաեւ Թանքեանի «Օրքա» գործէն հատուածներ։
Ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան «Լարք»ի երգիչները եւ նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի։
«Յաւերժական Ուխտաւորներ» («Perennial Pilgrims») խորագրուած ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի «Էմպեսետըր» սրահին մէջ (131 S. Saint John Ave., Pasadena, CA 91123)։ Տոմսերու սակը 45էն 85 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 25 տոլար։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 500-9997 թիւին կամ այցելել www.itsmyseat.com/Lark կայքէջը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.