ՓԱՍԱՏԻՆԱ, «Փասատինա Նաու».- Փասատինայի Երիտասարդ քրիստոնեայ կանանց միութիւնը (YWCA) որոշած է 2014ի իր «Ցեղային արդարութեան» մրցանակը շնորհել Լոռնա Դուրեան-Միլըրին՝ տեղական մակարդակով եւ համաշխարհային առումով ցեղային արդարութիւն ապահովելու ի նպաստ անոր բազմամեայ աշխատանքին համար:
Մրցանակը պիտի յանձնուի Հոկտեմբեր 20ին կայանալիք նախաճաշի մը ընթացքին, որուն մասին իմանալու կամ անոր մասնակցելու համար, դիմել (626) 296- 8433 թիւին կամ jkubel@ywca-pasadena.org հասցէին։
Միլըր Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրածներու դուստր է: Ան Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է Պէյրութէն՝ 11 տարեկանին: Լոռնան համահեղինակն է՝ «Վերապրածներ. Հայկական Ցեղասպանութեան Բանաւոր Պատմութիւն Մը» եւ «Հայաստան. Վերապրումի Եւ Յոյսի Պատկերներ» գիրքերուն։
Միլըրի հետազօտութիւններն ու անոր ծրագրային միջոցառումները՝ թէ՛ տեղական եւ թէ միջազգային մակարդակով, սովորաբար իրականացած են արդարութեան, հաւասարութեան հաստատման եւ բարեկեցիկ ապագայի ձգտող անձերու հետ ընդարձակ հարցազրոյցներու միջոցով: 2001էն ի վեր, ան իր ամուսնոյն հետ, Ռուանտայի մէջ տեղական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցելով՝ բանաւոր պատմութիւններ կը հաւաքագրէ տեղւոյն ցեղասպանութեան մասին ու աւելի քան 260 հարցազրոյցներու հիման վրայ գիրք մը կը հեղինակէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.