ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Ռուսիոյ զինուած ուժերու «Ալապինօ» ուսումնամարզական համալիրի խարիսխին մէջ 16 Օգոստոսին կայացած է «Հրասայլային Պիաթլոն-2014» միջազգային մրցումներու եզրափակիչ հանգրուանը։
«Հրասայլային Պիաթլոն-2014»ի եզրափակիչ հանգրուանին կը մրցէին նախորդ օրերու արդիւնքներով առաջինէն չորրորդ դիրքերը գրաւած երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Ղազախստանի, Չինաստանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու հրասայլային անձնակազմերը:
Եզրափակիչ հանգրուանի արդիւնքներով հայ հրասայլ վարողները՝ արձանագրելով բարձր ցուցանիշներ, գրաւած են երկրորդ դիրքը՝ զիջելով Ռուսիոյ հաւաքականին: 3րդ եւ 4րդ դիրքերուն վրայ են Չինաստանի ու Ղազախստանի անձնակազմերը:
«Հրասայլային Պիաթլոն-2014» միջազգային մրցումներուն մասնակցած են 12 պետութիւններու՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Անկոլայի, Պելոռուսի, Վենեզուելլայի, Հնդկաստանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Չինաստանի, Քուէյթի, Մոնկոլիոյ եւ Սերպիոյ 36 հրասայլային անձնակազմերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.