
ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Օգոստոս 28ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի պիտի ունենայ Արմէն Պօղոսեանի նկարչական գործերու ցուցահանդէսի բացումը, ԹՄՄի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1901 N. Allen Ave, Altadena, CA, 91001։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ նաեւ Ուրբաթ, Օգոստոս 29ին, երեկոյեան ժամը 6-10։ Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Մուտքը ազատ է։