
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 8ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Լոս Անճելըսի «Արարատ Տուն»ին ի նպաստ «քիւֆթէ»ի ընթրիք մը տեղի պիտի ունենայ Կիլիկիա եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ (339 S. Santa Anita Ave., Pasadena), կազմակերպութեամբ «Արարատ Տուն»ի նեցուկ կանգնող միութեան Սան Կապրիէլ հովիտի մասնաճիւղին։
Մասնաճիւղի ատենապետուհի Վիքի Փարեան կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն է «Ֆաքս 11» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան։
Մասնակցութեան սակը 35 տոլար է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել՝ (626) 792-4479 թիւին։