
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 20ի կէսօրին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի, որ անձնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս ժամանած է:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու երկու թեմերը յուզող հարցերու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուող խնդիրներու մասին:
Յիշեցնենք, որ երկու թեմակալ առաջնորդները մաս կը կազմեն մեր զոյգ կաթողիկոսութեանց կողմէ կազմուած Սրբադասումի յանձնախումբին, որուն առաքելութիւն տրուած է մշակել Ցեղասպանութեան նահատակներու, ինչպէս նաեւ վերջին դարերուն մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար իրենց կեանքը նուիրաբերած զոհերու եւ նուիրեալներու սրբադասման կարգը:
Առաջնորդ սրբազանին տնօրինումով, հիւր սրբազան հայրը Կիրակի, Օգոստոս 24ին պիտի քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: