
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 24 Օգոստոսին Լաթվիոյ մէջ աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, որուն տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Հրանդ Մելքումեան: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն 7.5 կէտ ապահովելով, այլ ճատրակ խաղացողի մը հետ բաժնեց 1-2 դիրքերը: Սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով մրցաշարքին յաղթականը հռչակուեցաւ հայրենի կրանտմասթըրը:
Հայրենի այլ ճատրակ խաղացողներ Տիգրան Սիմոնեան եւ Մարք Բասենցեան յաջորդաբար ապահովեցին 5 եւ 4 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Լեհաստանի մէջ աւարտած ճատրակի աշխարհի ուսանողական ախոյեանութեան, փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգելով Կարէն Գրիգորեան 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովեց եւ բաժնեց 1-3 դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով ան գրաւեց 2րդ դիրքը եւ տիրացաւ արծաթ մետալին: