
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».– Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի բնորոշմամբ, վերջին շրջանի իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ երբ սահմանին իրավիճակը քիչ մը լարուի, հայերը շատ աւելի դիւրին կը համախմբուին։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի նախաձեռնութեամբ եւ «Ուըրլտ վիժըն»ի կազմակերպած Արցախ ուխտագնացութեան ծիրին մէջ Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ղուլեան պատասխած է քանի մը հարցումներու։ Բացի սահմանային վերջին դէպքերէն, ան անդրադարձած է Արցախի մէջ երիտասարդներու գործի ապահովման, ծնելիութեան, վերաբնակեցման, հաղորդակցութեան, միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան եւ այլ հարցերու:
Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ վերաբնակեցման գործընթացը կը շարունակուի, եւ Արցախի ժողովրդագրական զարգացման ծրագիրը միշտ առաջնահերթութիւն ունենալով՝ պէտք է հետեւողականօրէն աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։
«Փանորամա»ի թղթակիցը հարցուցած է, որ արդեօք կա՞ն երիտասարդ ընտանիքներու աջակցութեան եւ ծնելիութեան խթանման ծրագիրներ. Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանած է, որ անոնք բազմաբնոյթ են եւ թուարկած է քանի մը հատը: Ան յատկապէս յայտնած է, որ Արցախի մէջ ապրող ընտանիքը իւրաքանչիւր նորածինի համար գումար կը ստանայ, իսկ իսկ 6րդ երեխայէն սկսած՝ նոր բնակարան:
«Վերջին տարիների համեմատ բնակչութեան ոչ շատ աճ է եղել, ոչ էլ նուազել է: Ես չեմ կարող ասել, որ արտագաղթ չկայ, բայց դա այն ծաւալի չէ, որը մտահոգի: Հիմնականում գնում են աշխատելու համար», աւելցուցած է ան։
Անդրադառնալով Արցախի մէջ ճամբաներու կառուցման եւ նորոգութեան հարցերուն՝ Ազգային ժողովի նախագահը տեղեկացուցած է, որ 1994-95 թուականներէն սկսեալ մեծ ռազմավարական ծրագիրներ իրականացուած են:
«Ինչ վերաբերում է գիւղերն իրար կապող ճանապարհներին, ապա դրանք շարունակական աշխատանքներ են, ամէն տարի Արցախի բիւջէից գումարներ ենք դնում դրա համար: Կարծում եմ, որ առաջիկայ երկու տարիներին շատ լուրջ օժանդակութիւն է լինելու Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի կառուցումը, այդ տարածքում բոլոր գիւղերն էլ կապուած են մայրուղուն, հետեւաբար այն շատ մեծ ենթակառուցուածքների խնդիր է լուծելու: Մենք մինչեւ 2015 թուականը ենթակառուցուածքային առումով շատ աւելի զարգացած համակարգ ենք ունենալու Արցախում: Բայց դրանով չպէտք է աւարտած համարել մեր աշխատանքը, այս տարիների համար ծրագրւում է նաեւ Հայաստանը Արցախին կապող մեծ էներգոհամակարգի հիմնումը», ըսած է Ղուլեան։
Ան խօսած է նաեւ Արցախի մէջ միջազգային կառոյցներու ծրագիրներու բացակայութեան մասին: Աշոտ Ղուլեան ըսած է. «Այս հարցում լուրջ խոչընդոտներ կան, եւ դրսից դրամաշնորհներ չեն գալիս: Պատճառը ոչ թէ կազմակերպութիւններն են կամ Արցախի իշխանութիւնները, այլ Արցախի կարգավիճակը եւ Ադրբեջանական կողմի ընդգծուած գործողութիւններն ու քարոզչութիւնը»: