
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի մէջ գտնուող «Միկա» մարզադաշտը դարձած է Հայաստանի կառավարութեան սեփականութիւնը: 28 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին այս մասին յայտնած է ելեւմուտքի փոխնախարար Պաւել Սաֆարեանը: «Մարզադաշտը պետութեանն է փոխանցուել պարտադիր ելեկտրոնային տորգերում գնորդների բացակայութեան պատճառով»:
Մարզադաշտը աճուրդի հանուած է Միկա Բաղդասարովին պատկանող եւ սնանկացած «Արմաւիա» եւ «Միկա Քորփորէյշըն» ընկերութիւններու հարկային պարտաւորութիւններուն պատճառով: Մարզադաշտը պետութեան փոխանցուած է 9 միլիառ 45 միլիոն դրամի դիմաց: Անոր 7 միլիառ 172 միլիոն դրամը պիտի յատկացուի «Արմաւիա»ի (365.3 միլիոն դրամ) եւ «Միկա Քորփորէյշըն»ի հարկային պարտքերու փակման, իսկ 1 միլիառ 508 միլիոն դրամը ունեցուածքի փոխանցման յաւելեալ արժէքի տուրքն է: