
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան 26 Օգոստոսին նախարարութեան ոսկի մետալով պարգեւատրած է յունահռոմէական ոճի նշանաւոր ըմբիշ, ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան, աշխարհի եռակի եւ Եւրոպայի վեցակի ախոյեան Արմէն Նազարեանը:
Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Նազարեանին՝ մարմնակրթութեան մարզին մէջ վերջինիս ունեցած վաստակին համար, նաեւ նշած է, որ այս պարգեւը շատ աւելի կանուխ պէտք է տրուէր անոր, սակայն ինչպէս կ՛ըսեն՝ «լաւ է ուշ, քան երբեք»:
Գաբրիէլ Ղազարեան լրագրողներուն յայտնած է, որ իրեն համար շատ ուրախալի է մարմնակրթութեան վաստակաւոր վարպետին այս պարգեւը շնորհելը, եւ թէեւ Նազարեան պայմաններու բերումով կը բնակի ու կը գործէ Պուլկարիոյ մէջ եւ ներկայիս այդ երկրի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է, բայց ան կը շարունակէ սերտ կապեր ունենալ Հայաստանի հետ եւ յաճախ Հայաստան այցելել:
Նազարեան իր կարգին դիտել տուած է, որ կարիք չկայ անդրադառնալու Հայաստանէն Պուլկարիա տեղափոխուելու պատճառներուն: Ան նշած է, որ իրեն համար շատ հաճելի է, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ բոլորովին այլ ձեւով կը վերաբերին մարմնակրթութեան հետ, եւ ինք վստահ է, որ Հայաստանի ըմբիշներու եւ բոլոր մարզիկներու ապագային պատուաբեր արդիւնքներ պիտի արձանագրեն տարբեր մակարդակներու վրայ։ Ան հաստատած է, որ մեծապէս ուրախ է իրեն յանձնուած մետալին համար։