ԹԱՒՐԻԶ.- Երկուշաբթի, 25 Օգոստոսին, Թաւրիզի Հայոց թեմի առաջնորդարանէն մեզի փոխանցեցին, թէ 10 Յուլիսին, Արեւելեան Ատրպատականի Պետական հնագիտական բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին, բարձր գնահատանքի արժանացան կիրառական արուեստի մէջ վաստակ ունեցող 17 անձնաւորութիւններ Արեւելեան Ատրպատականէն:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6ին, Թաւրիզի արուեստներու դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Արեւելեան Ատրպատականի նահանգապետին, Պետական հնապահպան հիմնարկութեան ընդհ. տնօրէնին, Արուեստից համալսարանի դեկանին, ինչպէս նաեւ անուանի արուեստագէտներու ու մշակութասէր հասարակութեան:
Արեւելեան Ատրպատականի նահանգէն ընտրուած 17 անձնաւորութիւններէն երկուքը թաւրիզահայ վաստակաշատ արուեստագէտ արծաթագործներ՝ Վարդան Լուսինեանն եւ Գուրգէն Շահնազարեանն էին, որոնք իրենց արուեստի կալուածին մէջ գործող բազմաթիւ անուններէն իբրեւ ակնառու վարպետներ, պետական ուշադրութեան արժանացած էին:
Գնահատուող միւս անհատները տարբեր մասնագիտութիւններով ու արուեստի տարբեր կալուածներէ ներս բազմավաստակ ոչ-հայ անձնաւորութիւններ էին, անոնցմէ ոմանք գորգագործութեան ասպարէզին մէջ հռչակի տիրացած, ուրիշներ՝ բրուտագործութեան, ասեղնագործութեան կամ փայտի փորագրութեան: Բոլորին նկատմամբ իր գնահատանքը արտայայտելով, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պատուոյ գիրեր յանձնեց նահանգապետին ձեռամբ, քաջալերելով անոնց տարիներու տքնաջան ու արդիւնաւոր աշխատանքը:
Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան գնահատելով պետական պատուոյ արժանացած թաւրիզահայ զոյգ արծաթագործ վարպետները, անոնց փոխանցեց իր բարձր գնահատանքը. «Ձեր այս պարգեւատրումով, մեր թեմը եւ առհասարակ իրանահայութիւնը կը պարգեւատրուի, որովհետեւ դուք եւ ձեր նախորդները՝ հայկական նրբերանգ արուեստներու կիրառական նմոյշներով օրինակ հանդիսացած էք մեզ շրջապատող ազգերուն, ձեր ուրոյն դպրոցը հիմնելով»։
Յայտնենք, թէ Թաւրիզի մէջ տակաւին կը գործէ արուեստագէտ արծաթագործներու փաղանգ մը, որ մասնաւորաբար փորագրութեան իւրայատուկ մոթիֆներով կը հետեւի նախորդ սերունդներու հայկական ոճի դպրոցին, միշտ գնահատուելով տեղացի եւ օտար արուեստաբաններու կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.