Շաբաթ, Յուլիս 26ին աւելի քան հինգ հարիւր հայորդիներ ներկայ էին «Քեմփ Հայաստան»ի մօտ գտնուող «Ճիլէ»չ մարզադաշտը (Ֆոքսպորօ, Մեսեչուսեց), իրենց մասնակցութիւնը բերելու ձեռնարկի մը, որուն նպատակն էր ի նպաստ «Քեմփ Հայաստան»ի հանգանակութիւն կատարել:
«Փաթնամ» սրահին մէջ հիւրասիրութեամբ սկսաւ ձեռնարկը, որուն ընթացքին ներկաները նաեւ կրցան հետեւիլ ոտնագնդակի մրցումի մը, որ կը կատարուէր այդ ժամուն:
Հրամցուած ընթրիքէն ետք, Մայքըլ Կիւզէլեան կատարեց բացման խօսքը եւ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Մարք Ալաշայեանը, Միշէլ Յակոբեանն ու Լեւոն Աթթարեանը, որոնք փոխանցեցին իրենց խօսքերը:
Մարք Ալաշայեան կարճ պատմականով մը կարեւորեց այս հիմնարկին առաջնահերթութիւնը, իսկ Դաւիթ Համբարեան ներկայացուց վերջին ամիսներուն կատարուած նորոգութիւններու եւ շինութիւններու ընդհանուր պատկերը: Ան յայտնեց, թէ լողարանի վերանորոգման գծով կարիքը կայ 750 հազար տոլարի շուրջ գումարի մը:
Ապա գեղարուեստական յայտագիրով մը, ձեռնարկը շարունակուեցաւ:
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, Յուլիս 27ին, տեղի ունեցաւ այլ հաւաք մը՝ «Քեմփ Հայաստան»ի «Տիգրան Ծամհուր» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 250 հայորդիներու: Այս հաւաքին նպատակն էր նշել Պոպ Աւագեանի տարիներ շարունակ տրամադրած ներդրումը:
Փրովիտընսէն ժամանած հայր Կոմիտաս Պաղսարեանի բացման աղօթքով սկսաւ ձեռնարկը:
Նշուեցաւ, թէ Աւագեան վաթսուն տարի շարունակ իր ներդրումը բերած է այս հաստատութենէն ներս: Այս առթիւ, անոր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը: Ներկայ էին անոր ընտանեկան պարագաները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.