
ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնատեղիէն ներս, Ուրբաթ, 8 Օգոստոսին, հանդիպում կայացաւ ռումանահայ գրող, քաղաքական գործիչ, Ռումանիոյ տնտեսութեան նախկին նախարար, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանի եւ իր կնոջ հետ:
Ներկայ էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան եւ անդամ Յակոբ Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
æերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ռումանական յարաբերութիւնները, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին վերաբերող ծրագիրները եւ համայն հայութիւնը հետաքրքրող նիւթեր: Վ. Ոսկանեան, որպէս Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ եւ աշխոյժ գործիչ, հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց Ռումանիոյ հայ գաղութի կառոյցին ու աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Խօսուեցաւ նաեւ Վարուժան Ոսկանեանի վերջերս հրատարակուած «Շշուկներու Մատեանը» գիրքին մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն շուրջ անձնական կարեւոր ու շահեկան մեկնաբանութիւն մըն է: