Մուսա Լերան Ժողովուրդին Ծագումնաբանութիւնը
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Հարցումներ, սիրելի թոռնիկ, որոնց ճշգրիտ պատասխանելը դժուար է, սակայն մեզի հասած պատմական տուեալներուն վրայ հիմնուելով՝ պիտի փորձենք այդ հարցումներուն պատասխանել:
Ինչպէս մատնանշած ենք մեր առաջին բաժինին մէջ՝ «գաղթելն ու գաղթականութիւն բառերը հայ ժողովուրդի ճանապարհակիցը եղած են պատմութեան մեծ քարուղիին վրայ», սակայն քաղաքական աննպաստ պայմաններու բերումով, երբեմն անիկա ընդհանրացած եւ մեծ ծաւալ ստացած է, այսպէս՝ Բագրատունիներու, Կիլիկիոյ թագաւորութիւններու կործանման, թաթար, սելճուք, մեմլուք եւ բիւզանդական յարձակումներու ժամանակ, կը դատարկուին եւ հրոյ ճարակ կը դառնան Անի մայրաքաղաքն ու շրջակայ քաղաքները, Սիսն ու Կիլիկիոյ քաղաքները, իսկ 1915ի Մեծ Եղեռնի օրերուն, հազարաւոր ընտանիքներ կը քշուին դէպի արաբական անապատները։
Հայ եւ օտար պատմագէտներու համաձայն՝ Մեծն Տիգրանէն առաջ եւ ետք, մարդիկ ապրած են Կիլիկիոյ շրջաններուն, Անտիոքի արուարձաններուն, Քեսապի, Սուէտիոյ եւ Մուսա լերան լանջերու վեց գիւղերուն մէջ եւ փաստն այն է, որ յայտնաբերուած են ամրոցներու, վանքերու եւ եկեղեցիներու աւերակներ, ուր կան արձանագրութիւններ, սակայն Մուսա լերան հայկական գաղութին սկիզբն ու զանազան հանգրուանները լուսաբանող որեւէ արձանագրութիւն չունինք: Պատմաբաններու համաձայն՝ Մուսա տաղ շրջանի ամենահին հայկական բնակավայրը եղած է Սուրութման (Սուլթուման) «Սուրբ Թովմաս», որ կը գտնուի Եօղուն-Օլուքի եւ Հաճի-Հապիպլի գիւղերուն միջեւ: Սուրութմայի մօտ կը գտնուին Թովմաս առաքեալի եկեղեցիի աւերակները. անիկա կառուցուած է Ժ.-ԺԲ. դարերուն, Վրաստանի հպատակ քաղկեդոնական հայ վանականներու կողմէ:
2010 թուականին հրատարակուած Սերոբ Շերպեթճեանի «Պատմութիւն Սուէտահայերու» հատորին մէջ, խօսելով գիւղերու մասին՝ հեղինակը կ՛ըսէ. «Սուէտիոյ գիւղերը մէկուկէս-երկու դար առաջ եղած են երեք գիւղ՝ Հաճի-Հապիպլի, Քեպուսիէ եւ Եօղուն-Օլուք:
Սիրելի թոռնիկ, Մեծն Տիգրան Հայոց Աշխարհակալ թագաւորը, Ք.Ա. 95 թուականին, կը յառաջանայ դէպի Միջերկրականի ափերը տարածուող երկիրները։ Ան Եդեսիան գրաւելէ ետք՝ կը գրաւէ նաեւ Կիլիկիան, Սուրիան, Լիբանանը եւ Պաղեստինը. Տիգրան Անտիոքը իր երկրորդ մայրաքաղաքը կը հռչակէ. իր 19 տարիներու իշխանութեան օրով Անտիոքը կը հանդիսանայ գրաւիչ շրջան. հազարաւոր առեւտրականներ ու հայ գործաւորներ, ինչպէս կը վկայէ Մ. Խորենացի Պատմահայրը, կու գան եւ կը հաստատուին Անտիոքի ու անոր արուարձաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ամանոսեան լեռներու լանջերուն:
Շատ հաւանական է, որ Տիգրանի երեք հարիւր հազարնոց բանակին մէջ կային մեծ թիւով հայեր, անոնցմէ շատերը չեն վերադառնար եւ կը հաստատուին այդ շրջաններուն մէջ։
Երկրորդ երեւոյթը, որ ամբողջ Միջին Արեւելքի պատմական իրադարձութիւնը կը փոխէ եւ պատուար կը հանդիսանայ թաթար, սելճուք, մեմլուք եւ այլ թափառաշրջիկ բանակներու սանձարձակ գործունէութեան՝ Խաչակիր բանակներու ժամանումն էր Միջին Արեւելք, մանաւանդ Կիլիկիոյ քրիստոնեայ իշխանապետութիւն եւ յետագային՝ թագաւորութիւն:
1070-1080 տարիներուն, Փոքր Ասիոյ մէջ սելճուք բանակները կը գրաւեն բիւզանդական հողատարածքներն ու Երուսաղէմ քաղաքը. Բիւզանդիոնը, Երուսաղէմը մահմետականներէն ազատագրելու համար, Եւրոպայէն օգնութիւն կը խնդրէ: Եւրոպայի մէջ Խաչակիր բանակները կը կազմուին Հռոմի Ուրբանոս Բ. քահանայապետին ժամանակ, 1096ին:
Տարիներու ընթացքին կը կազմակերպուին 8 Խաչակիր արշաւանքներ՝ 184 տարիներու ընթացքին, 1096էն 1270: Եւրոպայէն եկող բանակները Խաչակիր կը կոչուին, որովհետեւ անոնք զինուորական իրենց տարազին վրայ խաչ կը կրէին։ Խաչակիր բանակներուն նպատակն էր ազատագրել քրիստոնէական սրբավայրերը:
Առաջին եւ երրորդ խաչակրութիւնը կ՛առնչուին հայոց պատմութեան հետ: Առաջին խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1096ին, Կիլիկիոյ Կոստանդին իշխանապետին ժամանակ. հայ իշխանը ոչ միայն կ՛օգնէ նոր ժամանած բանակին, այլ հետագային խնամիական կապեր կը հաստատէ անոնց հետ, երկիրը պահպանելու համար արշաւող հրոսախումբերէն:
Երրորդ խաչակրութիւնը կը կազմուի, որովհետեւ 1187ին Եգիպտոսի Սալահետտին սուլթանը Երուսաղէմը կը գրաւէ: Երրորդ խաչակրութեան կը մասնակցին Գերմանիան, Ֆրանսան եւ Անգլիան՝ իրենց թագաւորներով։ Կիլիկիոյ իշխանապետ Լեւոնը մեծապէս կ՛օգնէ ժամանած բանակին եւ Ներսէս Լամբրոնացիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ՝ Գերմանիոյ կայսրը Կիլիկիա հրաւիրելու։ Կայսրը Լեւոնին կը խոստանայ Կիլիկիոյ իշխանապետութիւնը թագաւորութեան վերածել:
Խաչակիրները կը գրաւեն Անտիոքը, շատեր հաստատուելով Միջերկրականի ափերուն՝ կը կազմեն Երուսաղէմի եւ Կիպրոսի թագաւորութիւններն ու Անտիոքի, Եդեսիոյ եւ Տրիպոլիսի դքսութիւնները:
Հետագայ դարերուն, անտէր ու անտիրական հայ ժողովուրդը կը փորձէ համախմբուիլ իր վեղարաւոր թագաւորին շուրջ. շատ իրաւացիօրէն ըսուած է, թէ հայ ժողովուրդը ունեցած է թագ եւ կնգուղ կրող թագաւորներ:
Սիրելի թոռնիկ, պահ մը բաց հեռատեսիլը եւ տե՛ս, ներկայ այս դարուս, քաղաքակիրթ նկատուող ազգերու աչքերուն դիմաց ի՜նչ ահաւոր երեւոյթներ կը պարզուին արաբական կարգ մը երկիրներու մէջ… ունեւորը իր ընտանիքը կը փրկէ, իսկ չքաւորը՝ աւերակ տան փլատակներուն վրայ նստած, աղի արցունքը սրբելով՝ չոր հացով կը կերակրէ գիրկն ու քովը նստած սարսափահար զաւակները:
Ամայացան հայահոծ Հալէպը, Դամասկոսը եւ Քեսապի 11 գիւղերը, ցրուեցաւ ժողովուրդը, ո՞ւր գնաց եւ ապաստանեցաւ…
Հայ ժողովուրդը , սիրելիս, տարիներ առաջ անցաւ այդ արիւնոտ ճանապարհէն, Անի, Սիս քաղաքներն ու գիւղերը կործանեցան, ցիրուցան եղանք Սփիւռքի տարածքին, գաղթականութեան ձեռնափայտը մեր ձեռքին՝ շրջեցանք անապատներ, քաղաքներ եւ գիւղեր, մարդկային խլեակներու վերածուեցանք, սակայն կրցանք մեր գոյութիւնը պահել. կերտեցինք հայրենիք, դարձանք Սփիւռք, ապաստանեցանք Անտիոքի արուարձաններուն եւ Մուսա լերան լանջերուն տարածուող վեց գիւղերուն մէջ:
Սիրելի թոռնիկ, վերջերս հրատարակուած Սերոբ Շերպեթճեանի «Պատմութիւն Սուէտահայերու» աշխատութեան մէջ, ականատեսի վկայութիւններ կը փոխանցուին Մուսա լերան հերոսամարտին մասին, իսկ գիրքի վերջաւորութեան կը տրուի վեց գիւղերու 230 ընտանիքներուն ծագումնաբանութիւնը: 230 ընտանիքներէն 43ը զանազան քաղաքներէ եկած եւ հաստատուած են այդ գիւղերուն մէջ: Ստորեւ պիտի ներկայացնենք մեր՝ Փանոսեան գերդաստանի, ծագումնաբանութիւնը:
Նախապէս Փանոսեան գերդաստանը Մարգարեան կը կոչուէր: Մեր նախահայրը՝ Յակոբը, Տիգրանակերտէն կու գայ ու կը հաստատուի Խըտըր Պէկ գիւղը. ան կ՛ամուսնանայ Իբրաճեան ընտանիքի օրիորդին հետ: Նախահայր Յակոբ Մարգարեանէն մինչեւ հայրս՝ Վահան Փանոսեանը, հինգ սերունդներ կը յիշատակուին, այսպէս՝ Մարգարեան Յակոբ ու Մարգար, Փանոսեան Փանոս, Սարգիս եւ Վահան (հայրս), ինչով կարելի է հետեւցնել, թէ մեր նախահայր Յակոբ Մարգարեանը ո՞ր թուականին եկած եւ հաստատուած է Խըտըր Պէկ գիւղը. վերոյիշեալ տուեալներէն մեկնելով՝ կը հետեւցնենք, թէ մեր նախահայր Յակոբ Մարգարեանը Խըտըր Պէկ գիւղը եկած է շուրջ 1750 թուականներուն:
ՄՈՒՍԱԼԵՌՑԻՆԵՐՈՒ ԹՈՒԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանի համաձայն՝ 1915ին մուսալեռցիներու թիւն էր 6311 անձ, 1285 ընտանիք. Մուսա լեռ կը բարձրանայ 4231 անձ, իսկ կը տարագրուին կամ կը զինուորագրուին՝ 2080 անձեր:
– Փօր Սայիտի մէջ կը կազմուին 19 թաղամասեր՝ 475 վրաններով, 4200 անձերու համար:
– ՀԲԸ Միութեան 1922ի մարդահամարը՝ 4598 անձ։
Ներկայիս մուսալեռցիներու թիւը Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին կը գնահատուի 30-33 հազար:
Սիրելի թոռնիկս Րաֆֆի, Մուսա լերան հերոսամարտի տօնակատարութիւններուն առիթով, պատմեցի քեզի մեր հերոս պապերու քաջութիւններուն, գաղթականութեան եւ կրած տառապանքներուն մասին, Հայոց պատմութեան մեծ քարուղիին վրայ:
Այսօր վերջ կը գտնէ մեր զրոյցը, սիրելիս, եւ քայլարշաւին ջահը քեզի կը յանձնենք. կը մաղթենք, որ շարունակես ապրիլ ու գործել մեր պապերու ոգիով եւ յիշատակներով: