ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի բաժինի պատուիրակ Վալերի Եարմակ «Փանորամա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է հայ ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանի Ատրպէյճանը լքելու եւ երրորդ երկիր տեղափոխուելու փաստը:
«Օգոստոսի 26ին Կարմիր խաչը տեղեկութիւն ստացած է այն մասին, որ Յակոբ Ինջիղուլեանը տեղափոխուած է երրորդ երկիր, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նշուած տեղեկատուութիւնը փոխանցուած է երեւանեան պատուիրակութեան, որ իր կարգին այս մասին յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն ու Ինջիղուլեանի հարազատներուն», ըսած է պատուիրակը:
Թղթակիցը հարցուցած է, թէ ո՞ր երկիրը տեղափոխուած է հայ ռազմագերին՝ Վալերի Եարմակը նշած է, որ այդ մասին տեղեկութիւն չունին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.