
Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբերի կէսօրին, Յունաստանի հիւսիսային Գոմոթինի քաղաքին մէջ, Բարթողիմէոս տիեզերական պատրիարքին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:
Կէսօրին, վեհափառին իջեւանած պանդոկին մէջ, երկու հոգեւոր պետերը, շրջանի նահանգապետին ճաշի հիւրը եղան: Յետմիջօրէին, տիեզերական պատ-րիարքը եւ վեհափառը առանձին հանդիպում մը ունեցան: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան, միջ-եկեղեցական շարժումին ու յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին վերաբերող եւ զանազան այլ հարցեր: Յայտնենք, որ տիեզերական պատրիարքը եւ վեհափառը, այս օրերուն հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուին Յունաստանի հիւսիսային շրջանէն ներս: Երկու հոգեւոր պետերը առաւել քան քառասուն տարիներու ծանօթութիւն ունին եւ գործակցած են ԵՀԽէն ու միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս:
Երեկոյեան, երկու հոգեւոր պետերը միասնաբար այցելեցին Գոմոթինիի հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մուտքին անոնք ջերմօրէն դիմաւորուեցան հայ եւ յոյն հաւատացեալներու հսկայ բազմութեան կողմէ: Ներկայ էին պետական, կրօնական եւ զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ գոհաբանական արարողութիւն: Խօսք առնելով Յունաստանի թեմի առաջնորդը ողջունեց տիեզերական պատրիարքին ու վեհափառին միատեղ օրհնաբեր այցելութիւնը: Յաջորդաբար խօսք արին նաեւ եկեղեցւոյ ատենապետ Ստեփան Մատթէոսեան եւ Յունաստանի թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան:
Ապա, խօսք առնելով վեհափառը եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց տիեզերական պատրիարքին ներկայութիւնը, յիշելով իրենց երկար տարիներու սերտ գործակցութիւնը: Կաթողիկոսը անդրադառնալով տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին, կարեւորութեամբ ընդգծեց միջ-կրօնական ու միջ-եկեղեցական գործակցութեան հրամայականը:
Պատասխանելով վեհափառի խօսքին, Բարթողիմէոս պատրիարքը իր կարգին, նախ յիշեց այն առանցքային դերը, զոր վեհափառը կատարած է ԵՀԽէն ներս, որպէս առաջին ուղղափառ եւ ամենաերիտասարդ ատենապետ՝ աննախընթաց կերպով երկու շրջաններու համար ընտրուած: Ան Արամ Ա. կաթողիկոսը բնորոշեց որպէս հմուտ աստուածաբան եւ ներկայ ժամանակներու հարցերը ճիշդ կերպով ըմբռնող ու վերլուծող մտաւորական. այս ուղղութեամբ, նաեւ յիշելով որոշ դէպքեր ու երեւոյթներ, վեհափառին ունեցած հեղինակութիւնը ու դերակատարութիւնը ցոյց տուող միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս:
Տիեզերական պատրիարքը նաեւ խօսեցաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմական գործակցութեան մասին: Ան յիշեց, թէ այսօր եւս նոյն գործակցութիւնը գոյութիւն ունի՝ հակառակ առկայ աստուածաբանական տարբերութիւններուն: Այս ծիրէն ներս ան շեշտեց աստուածաբանական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ սկսած է շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր: Տիեզերական պատրիարքը իր խօսքը եզրակացուց գնահատելով հայ ժողովուրդի ունեցած հաւատքի տոկունութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը ու ամբողջական յաջողութիւնը փոխանցեց կաթողիկոսին, յատկապէս Միջին Արեւելքի այս տագնապալից օրերուն:
Ապա, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ: