
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Երազ չունենալէն աւելի դառն ու դաժան է երազին… մաշումը։
Առանց երազի մարդը փաստօրէն դատապարտեալ մըն է, որ այլեւս զուրկ է ամէն յոյսէ եւ հեռանկարէ։
Բայց դատապարտեալը նաեւ, կամայ թէ ակամայ, համակերպած է կեանքէն իրեն բաժին հանուած… ամէն ինչին, լաւին կամ վատին, բարօրութեան կամ դժբախտութեան։
Ի վերջոյ ընդունած է, թէ երգուած է… իր երգը։
Հետեւաբար, որքան ալ անարդար կամ անբաւարար գտնէ իրականութիւնը, առանց երազի մարդը հաշտուած է իր կեանքի ժամանակը պարզապէս ու առաւելագոյնս ապրելու… դատապարտուածութեան հետ։
Տարբեր է՝ աւելի դառն ու դաժան է ողբերգութիւնը այն մարդուն, որ տակաւին երազ ունի եւ ոչ մէկ պարագայի պատրաստ է համակերպելու իրեն բաժին հանուած իրականութեան… Ընդհակառա՛կն, վճռած է մինչեւ վերջին շունչ շարունակել պայքարը, ի խնդիր իր երազին իրականացման, բայց փաստօրէն դէմ յանդիման կանգնած է իր երազին… մաշումին։
Երազ ունեցող եւ իր երազին մաշումն ու մահը դիմագրաւող մարդուն ողբերգութիւնը ահաւոր բան մըն է…
Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովին հետեւողը անկասկած կրնայ խորաչափել ահաւորութիւնը… երազի մաշումին։
Վերջին քանի մը օրերուն, աշխարհի չորս ծագերէն, առօրեայ իր հոգերուն ճնշումին տակ անգամ, հայ մարդը ակնդէտ հետեւեցաւ Համաժողովի հպարտառիթ պահերու պատկերասփռումին՝ հանդիսաւոր նիստերուն, պաշտօնական հաւաքներուն, ազգի մեծամեծներու պատգամներուն, պետական թէ հասարակական գլխաւոր կառոյցներու եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու ուղերձներուն։
Համաժողովին փայլքը անշուշտ ակներեւ էր եւ ազգային մեր ինքնասիրութեան ու հպարտութեան յագուրդ կու տար։
Մանաւանդ որ ՀՀ իշխանութիւնները ամէն ջանք թափած էին, որպէսզի կատարեալ հիւրասիրութիւն ցուցաբերուի Համաժողովի մասնակիցներուն։
Նաեւ՝ լուսարձակները միշտ բաց պահուեցան Համաժողովի ընթացքին եւ անոր զուգահեռ տեղի ունեցած բոլոր ելոյթներուն վրայ, որպէսզի Ազգի եւ Պետութեան պատասխանատուները ըստ արժանւոյն լսելի ու մատչելի դառնան ամէն հայու համար, աշխարհի որ անկիւնն ալ ապրելու ըլլայ ան։
Յետոյ՝ ի՞նչ։
Համաժողովի հանդիսաշուք փայլքէն ու քարոզչական շողշողուն գովազդէն անդին ի՞նչ մնաց հայ մարդուն։
Յաւուր պատշաճի խօսքե՞րը. պատգամնե՞րը արդեօք։
Կարդացէ՜ք Համաժողովի որդեգրած Յայտարարութիւնը. պիտի գտնէ՞ք այսօրուան եւ վաղուան մեր ընելիքին ուղեցոյց միտքն ու առաջնորդող պատգամը։
Ո՞ւր է Ազգի պետական ու հասարակական երթը հունաւորող Երազը։
Անշուշտ պիտի գտնէք «Հզօր եւ ապահով Հայաստան»ի, նոյնպէս եւ «անկախ ու անվտանգ Արցախ»ի կառուցման նուիրուելու Համաժողովի կոչն ու յանձնառութիւնը։
Պիտի չգտնէք, սակայն, հաւաքական այդ երթը արգելակող մեր ներքին վէրքերուն եւ ցեցերուն միասնական ախտաճանաչումն ու դարմանման դեղատոմսերը։
Իսկ ինչո՞ւ…
Որովհետեւ Հայաստանի նախագահէն սկսեալ, իջնելով մինչեւ պատասխանատուութեան աստիճանին ստորին վերջին սանդխամասը, Ազգին եւ Պետութեան առջեւ հաշուետու մեր պաշտօնատարները դեռ պատրաստ չեն, եթէ երբեւիցէ ի վիճակի պիտի ըլլան անշուշտ, խոստովանելու իրենց բաժին վրիպումը կամ թերացումը, սխալը կամ մեղաւորութիւնը։
Որովհետեւ ինքնաքննադատութիւնը, իբրեւ սահմանադրական սկզբունքի եւ արժէքի, դեռ քաղաքացիութեան իրաւունք չէ ստացած հաւաքական թէ անհատական մեր կեանքին մէջ։
Տակաւին հեռու ենք երանելի այն օրէն, երբ Համաժողովի օրինակով Ազգի եւ Պետութեան բարոյական բարձրագոյն ատեան մը, «Հզօր Հայաստանի եւ Արցախի կառուցման» մեր երթը սրբագրելու առումով, գործուած սխալներուն կամ արձանագրուած ձախողութեանց հաշւոյն, հաւաքական դատ ու դատաստան տեսնէ, պատասխանատուներ ճշդէ եւ փոխընտրութիւններ կատարէ… լուսարձակներու տակ։
Թերեւս կը սխալինք եւ չենք ըմբռներ, թէ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, ապահովութեան եւ բարգաւաճման օրակարգը նման համահայկական Համաժողովներու խնդիրը չէ…
Չէ՞ որ հայկական զոյգ հանրապետութիւններն ալ իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութիւններ են, որոնց երթը կը քննուի եւ կը վճռահատուի համաժողովրդային քուէարկութեամբ։
Ի վերջոյ այլեւս պէտք է հասկնա՞նք, թերեւս, որ մեր ժողովուրդը, ի Հայաստան թէ ի Արցախ, այսօրինակ իշխանութիւններով ու քաղաքական համակարգով կ՛ուզէ շարունակել Ազգի ու Պետութեան երթը։
Ինչ որ է։
Հաւանաբար պէտք է աւելի ուշադիր կարդանք եւ վերծանենք Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովի պաշտօնական յայտարարութիւնը, որպէսզի անդրադառնանք Մեծ Երազին ուղղութեամբ վերջին օրերուն մեր նետած կարեւոր քայլին…
Կարծէք յոբելենական թուական մըն է Մեծ Եղեռնի l00ամեակը եւ Ազգով ու Պետութեամբ ոտքի ելած ենք, որպէսզի պատրաստուինք համապատասխան կարեւորութեամբ զայն… նշելու։
Համաժողովը կը յորդորէ բոլորիս՝
«Յիշենք եւ Պահանջենք»։
Ի՞նչ յիշենք ու պահանջենք, երբ բառացիօրէն Համաժողովը կրցած է համաձայնիլ միայն այն բանաձեւումին շուրջ, որ Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն գործուած է Ցեղասպանութիւն, որուն ճանաչումը, դատապարտումը եւ հետեւանքներուն վերցուիլը կը պահանջենք յատկապէս Թուրքիոյ իշխանութիւններէն։
Իսկ մեր հողերը կը պահանջե՞նք։
Առանց անուանելու եւ մատնանշելու պիտի պահանջե՞նք արդեօք։
Ո՛չ, Մեծ Երազէն շատ բան չի մնար «Յիշենք եւ Պահանջենք» բանաձեւի ճարտասանութեան մէջ։
Թերեւս պէտք չէ յոռետեսութեան անձնատուր դառնալ, այլ՝ կամապաշտօրէն յոյսով ապրիլ եւ տեսնել, որ Սփիւռքի կազմակերպուածութեան ու Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայապահպանման մեր կռուաններուն շուրջ բոլորուելու իր պատգամով՝ Համաժողովը վառ կը պահէ Մեծ Երազը հայոց սերունդներուն։
Թերեւս…