ՀԱԼԷՊ.- «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը տեղեկացնէ, որ Չորեքշաբթի 1 Հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամերուն կազի տակառ մը դարձեալ ցնցած է Նոր Գիւղի Ազգային Զաւարեան վարժարանի թաղը, որուն իբրեւ հետեւանք սպանուած է թաղեցի արաբ երիտասարդ մը եւ վիրաւորուած երկու հայորդիներ՝ Շահէ Շահինեան եւ Աւետիս Սօլաքեան:
Վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.