
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Հայաստանը երբեւէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը
նախապայման չի դարձրել Հայաստան-Թուրքիա
երկկողմ յարաբերութիւնների կարգաւորման համար։
«Այսօր պաշտօնական Երեւանը լրջօրէն քննարկում է
հայ-թուրքական արձանագրութիւնները
խորհրդարանից յետ կանչելու հարցը»։
(հատուած՝ ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի ամպիոնէն ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի 24 Սեպտեմբեր 2014ի ելոյթէն)
Հայ մամուլը ընդհանրապէս փող ու թմբուկով դիմաւորեց եւ ողջունեց Հայաստանի նախագահին 24 Սեպտեմբեր 2014ի ելոյթը՝ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի բարձր ամպիոնէն։
ՀՀ գործող իշխանութեանց կողմնակից ըլլան թէ ընդդիմախօս՝ հայ մամուլի հայրենական թէ սփիւռքեան ներկայացուցիչները լուսարձակները կեդրոնացուցին պր. Սերժ Սարգսեանի ըստ երեւոյթին ընդհանուր գոհունակութիւն առթող այն յայտարարութեան վրայ, որուն համաձայն՝ «Պաշտօնական Երեւանը լրջօրէն քննարկում է հայ-թուրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանից յետ կանչելու հարցը»։
Անկասկա՛ծ բնական ու հասկնալի է մեր հանրութեան դրսեւորած, նաեւ էապէս համահայկական գոհունակութիւնը, որովհետեւ առաջին տպաւորութեամբ կը թուի, թէ Հայաստանի նախագահը վերջապէս սկսած է մտածելու, Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց էջը փակելու առումով, սեփական ժողովուրդի պահանջներուն ընդառաջելու իր կոչումին, պարտաւորութեան եւ պատասխանատուութեան մասին։
Հայաստանի նախագահին նիւ-եորքեան ելոյթը անկեղծ գոհունակութեամբ ողջունուեցաւ նաեւ ու մանաւանդ այն պատճառով, որ ան ընկալուեցաւ իբրեւ ոչ թէ սոսկ հայկական ներքին շուկայի բաւարարման ուղղուած ելոյթ, այլ իբրեւ դրսեւորումը միջազգային հանրութեան ամէնէն բարձր ամպիոնէն հայկական պահանջատիրութիւնը պետականօրէն հնչեցնելու յանդուգն կեցուացքին։
Բայց իրապէ՞ս այդպիսին էր Հայաստանի նախագահին 24 Սեպտեմբեր 2014ի ելոյթը։
Որքան ալ ճիգ թափենք հեռու մնալու հաւկիթին մէջ մազ փնտռողի աննախանձելի վիճակին մէջ յայտնուելու փորձանքէն, այդուհանդերձ՝ դժուար է խեղդել հարցադրումը.-
Ի՞նչ էր Հայաստանի նախագահին ըսածը, մեր հասկցա՞ծն էր արդեօք եւ որքանո՞վ համահունչ էր, ըստ էութեան, հայ ժողովուրդի համընդհանուր ակնկալութեան եւ սպասումին։
Խորագիրով մէջբերուած ՀՀ նախագահի զոյգ՝ լրացուցիչ մտքերուն միջեւ, 24 Սեպտեմբեր 2014ի ելոյթը կը զարգանայ հետեւեալ տրամաբանութեամբ.-
«Յայտնի է, որ պաշտօնական Երեւանի նախաձեռնած՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացը հասաւ մինչեւ Ցիւրիխեան արձանագրութիւնների ստորագրում։ Այդ արձանագրութիւններն արդէն տարիներ շարունակ դարակներում են՝ սպասելով Թուրքիայի խորհրդարանի վաւերացմանը։ Պաշտօնական Անկարան բացայայտ հռչակում է, որ կը վաւերացնի այդ արձանագրութիւնները միայն, եթէ Լեռնային Ղարաբաղը՝ Ազատ Արցախը, հայերը յանձնեն Ադրբեջանին։ Հայաստանում եւ Արցախում նման նախապայմաններին պարզ մարդիկ շատ յաճախ արձագանգում են շատ պարզ. «գրողի ծոցը վաւերացնէք»։ Ժողովրդային լեզուով արտայայտուած այս բառերի մէջ մի ողջ ազգի դարաւոր պայքարն է խտացած, որ ուրիշի հայրենիքի վրայ առուծախ անողներին անառարկելիօրէն բացատրում է՝ հայրենիքը սուրբ է, եւ ձեր առուծախը հեռու պահէք մեզնից»:
Եթէ մեր ուզածը լսելու կամ մեր փափաքածը իբրեւ իրականութիւն տեսնելու փորձութենէն վեր կանգնինք, ապա դժուար չէ ընկալել ու հասկնալ մեր նախագահին բուն ըսածը, որ այնքան ալ համապատասխան չէ մեր ընդհանուր ակնկալութեան եւ սպասումին։
Ա.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան չի խօսիր Հայեւթուրք Արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս կոչելու որեւէ մտադրութեան մասին։
Կը յայտարարէ, պարզապէս, որ «Պաշտօնական Երեւանը լրջօրէն կը քննարկէ» Արձանագրութեանց վաւերացման օրակարգը Հայաստանի խորհրդարանէն «յետ կանչելու հարցը»։
Այսինքն՝ ինչպէս որ նախապէս բազմիցս յայտարարած է ՀՀ գործող նախագահը, պաշտօնական Երեւանը կը շարունակէ տէր կանգնիլ իր նախաձեռնած եւ իբր թէ իրագործած Արձանագրութեանց։ Տխրահռչակ այդ Արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս կոչելու որեւէ խնդիր չունի։ Այլ՝ հակազդելով «պաշտօնական Անկարա»ի ձգձգումին եւ նախապայման դնելու վարքագիծին, «պաշտօնական Երեւանը» կը քննարկէ Արձանագրութեանց վաւերացման օրակարգը խորհրդարանէն ետ քաշելու քայլին… նպատակայարմարութիւնը։
Այլ խօսքով՝ Հայաստանի գործող նախագահը սկզբունքային առարկութիւն չունի, եթէ «պաշտօնական» Երեւանն ու Անգարան գտնեն, խորհրդարանական վաւերացումէն տարբեր, Արձանագրութեանց կիրարկման նպաստող դիւանագիտական ընդունելի տարազ մը…
Հետեւաբար, եթէ պր. Սերժ Սարգսեանի այս յայտարարութեան համար, ազգովի՛ն, մեր կուրծքը հպարտութեամբ պէտք է ուռեցնենք, թող Աստուած օգնէ մեզի…
Բ.- Առաջին անգամը չէ, որ Հայաստանի գործող նախագահը, նախապայմաններու հարցով, կը մեղադրէ թրքական իշխանութիւնները։ Պր. Սերժ Սարգսեան թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին սպառման համար – ու բազմիցս – հետեւողականօրէն շեշտած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց կարգաւորման համար նախապայմաններ պէտք չէ դրուին։
Մանաւանդ՝ Թուրքիա պէտք չէ պայման դնէ, որ Արցախը «տրուի» Ատրպէյճանին:
Այս առումով՝ Հայաստանի նախագահին 24 Սեպտեմբեր 2014ի ելոյթը ոչ միայն հետեւողականութիւն կը պահէ, այլեւ՝ իր ուժգնութեամբ ողջունելի յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ։
Բայց ինչպէ՞ս հասկնալ ՀՀ նախագահին այն մերկապարանոց յայտարարութիւնը, թէ՝ «Հայաստանը երբեւէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նախապայման չի դարձրել Հայաստան-Թուրքիա երկկողմ յարաբերութիւնների կարգաւորման համար»։
Աւելի ճիշդ՝ կ՛ուզե՞նք, կը փորձե՞նք հասկնալ, թէ Հայաստանի նախագահը ճիշդ ի՞նչ կ՛ըսէ միջազգային հանրութեան, որպէսզի ըստ այնմ ուրախանանք կամ մտահոգուինք վերանկախացեալ մեր հայրենիքի ազգային պետականութեան թիւ 1 ներկայացուցիչին ընտրած վարքագիծին հաշւոյն։
Եթէ հայերէնի թիւրընկալման հարց չկայ եւ եթէ ՀՀ նախագահը ճիշդ կը գործածէ իր բառերը, ապա ազգովին մտահոգուելու լուրջ պատճառներ ունինք, որովհետեւ «պաշտօնական Երեւան»ը ՄԱԿի բարձրագոյն ամպիոնէն կը յայտարարէ, թէ Ցիւրիխեան Արձանագրութիւնները կը վերաբերին Հայաստան-Թուրքիա երկկողմ յարաբերութեանց կանոնաւորումին, որուն յաջողութեան համար «Հայաստանը երբեւէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նախապայման չի դարձրել»…
Այսինքն՝ պաշտօնական Երեւանը իր «նախաձեռնած» երկխօսութեան «գործընթաց»ը միշտ ալ նկատած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները – ոչ անպայման ընդհանուր հայեւթուրք յարաբերութիւնները – կանոնաւորելու կոչուած ուղի մը, որուն պէտք չէ տալ ուրիշ մեկնաբանութիւն եւ որուն յառաջխաղացքը պէտք չէ խոչընդոտել նախապայմաններ դնելով։
Այսինքն՝ ի՞նչ։
Այսինքն՝ ՀՀ նախագահի 24 Սեպտեմբեր 2014ի յայտարարութեամբ, Հայաստանը Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութեանց կանոնաւորման համար նախապայման չի նկատեր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Այսինքն՝ եթէ Թուրքիա վերանայի Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելու իր նախապայմանը եւ իր խորհրդարանով վաւերացնէ Ցիւրիխեան Արձանագրութիւնները, այդ պարագային Հայաստան որեւէ ձգձգման պատճառ չի տեսներ եւ իր կարգին խորհրդարանական վաւերացման կ՛արժանացնէ այսպէս կոչուած Փրոթոքոլը…
Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը։
Ոչի՛նչ։
Չէ՞ որ Արձանագրութիւնները նախատեսած են պատմական հարցերու քննարկման խառն յանձնաժողով…
Այդ հարցը հոն կը քննարկուի արդէն։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակն ալ լաւ առիթ է լուսարձակներու տակ նման «քննարկում» կատարելու։
Ի՜նչ փոյթ, որ նոր աւարտած Հայաստան-Սփիւռք համաժողովը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին առիթով, կը շեշտէ ճանաչումէն պահանջատիրութիւն ոստում կատարելու հրամայականը։
Պէտք չունինք մտահոգուելու, որովհետեւ ՄԱԿի բարձր բեմէն Հայաստանի նախագահը կարմիր գիծ քաշեց եւ ի լուր աշխարհի յստակացուց, որ «Հայրենիքը սուրբ է» եւ ներելի չէ Հայրենիքի «առուծախ»ը։
Այդքա՜ն պարզ եւ վճռական։
Հիմա կրնանք գլուխնիս հանգիստ դնել բարձին վրայ եւ գոհունակ քուն մտնել։
Ազգին գործերը ապահով ձեռքերու մէջ են։
Տրամաբանող եւ սրատես հեղինակ է: