ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացական «Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ՝ քննելով երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Էրտողան աջակցութիւն յայտնած է Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ՆԱԹՕի անդամակցութեան ջանքերուն:
Հանդիպումին ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային յարաբերութիւնները եւ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած եռակողմանի համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն վրայ:
«Թուրք պաշտօնակիցիս հետ խօսեցայ շրջանային ապահովական հարցերու, Վրաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու խորացման եւ Վրաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան նախագիծերու իրականացման կարեւորութեան մասին: Այս վերջինները իսկապէս կարեւոր նախապայման են շրջանի կայունութեան եւ զարգացման համար», յայտարարած է Վրաստանի նախագահը։
Միւս կողմէ, Էրտողան յայտարարած է, որ շրջանին մէջ միացեալ նախագիծեր իրականացնելով՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ուժանիւթային միջանցք ստեղծած են: Ըստ Էրտողանի՝ վառ օրինակներ են Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծը եւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը: Ան նշած է նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան անդրանատոլեան կազատարի նախագիծը, որ կրնայ 2018էն սկսեալ ատրպէյճանական կազ հասցնել դէպի Եւրոպա: Նախագիծը կը գնահատուի 10 միլիառ տոլարով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.