ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան պետական երաժշտական քոլեճին մէջ հիւրընկալուած են սպանացի օփերայի նշանաւոր երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը։ Դպրոցի սաները նշանաւոր երգչուհին դիմաւորած են ծաղիկներով ու ծաղկեփունջերով։ Ապա անոր ընկերակցութեամբ ուղղուած են երաժշտական կրթօճախի նորակառոյց մասնաշէնքին մէջ գտնուող եւ Մոնսերաթ Քապալիէ անունը կրող երգեցողութեան մասնագիտական դասարանը։
Այնուհետեւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը, երաժշտական քոլեճի տնօրէն Կարինէ Դադամեանը շնորհակալութիւն յայտնած են Մ. Քապալիէի այցելութեան համար՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա խթան պիտի հանդիսանայ Արցախի մէջ օփերային երգեցողութեան զարգացման, քանի որ այդ առումով առկայ են համապատասխան տուեալներ եւ ներուժ։ Երգչուհին հաստատած է, որ պիտի աջակցի Արցախի մէջ օփերային արուեստի զարգացման նպատակով եղած բոլոր մտայղացումներուն։ «Յառաջիկային բոլորը պիտի լսեն ձեր օփերային երգի մասին եւ պիտի իրականանան ձեր բոլոր յոյսերը», յայտնած է ան։
Սայաթ Նովայի անուան պետական երաժշտական քոլեճի սաներու կատարմամբ ներկայացուած են աշխարհահռչակ երգահաններու ստեղծագործութիւններ: Քոլեճի տնօրէն Կարինէ Դադամեանը տեղեկացուցած է, որ Մոնսերաթ Քապալիէն վարպետութեան դասեր պիտի տայ քոլեճին մէջ՝ իր նախընտրած ուսանողներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.