ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզի սահմանին վրայ գտնուող Ամուլսարը վերջին 20 տարիներուն Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած միակ հանքավայրն է: Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան կողմէ 2006ին տրուած արտօնագիրով «Քէոթիմ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը երկրաբանահետախուզական աշխատանքներ կը կատարէ Ամուլսարի տարածքին:
Ծրագիրին վերաբերող վերջին զարգացումները լրագրողներուն ներկայացուցած է «Լիտիան ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հովարդ Սթիւընսընը:
«Քէոթիմ» ընկերութիւնը Թորոնթոյի ֆոնտային սակարանին մէջ ցուցակագրուած «Լիտիան ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան դուստր ձեռնարկութիւնն է: Ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հովարդ Սթիւընսըն հաստատած է, որ Ամուլսարի ծրագիրը Հայաստանի մէջ տնտեսական զգալի օգուտներու, ինչպէս նաեւ բնապահպանական կառավարման տեսանկիւնէ նոր որակի հանքարդիւնաբերութեան փորձառութեան կարելիութիւն կու տայ: Հանքի կառուցման ընթացքին ընկերութիւնը պիտի ապահովէ մօտաւորապէս 1500 աշխատատեղ, իսկ հանքի շահագործման ամբողջ ընթացքին շուրջ 700 մարդ պիտի ունենայ մնայուն աշխատանք:
«Ամուլսարի ծրագիրը նոր արհեստագիտութիւն կը բերէ Հայաստան: Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ պիտի օգտագործուի այնպիսի տարալուացման միջով, որուն շնորհիւ ոչ մէկ արտանետում պիտի կատարուի դէպի ջրային կամ օդային միջավայր: «Լիտիան»ի բաժնետէրերն են միջազգային ֆինանսական համագործակցականն ու Վերակառուցման ու զարգացման եւրոպական դրամատունը, որոնք բարձր բնապահպանական չափանիշներու կիրարկում կը պահանջեն: Յոյսով եմ, որ Ամուլսարի ծրագիրը նոր որակ բերէ այս ոլորտին մէջ եւ այսպիսով փոխէ հանքարդիւնաբերութեան հանդէպ վերաբերմունքը», նշած է ան։
Նշենք, որ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ ներդրած է աւելի քան 69 միլիոն տոլար։ Ներդրումներուն դրամագլուխը պիտի կազմէ 426 միլիոն տոլար: Վերջնական թոյլտուութիւն ձեռք բերելէ ետք նախատեսուած է շինարարութեան սկսիլ 2015ի երկրորդ եռամսեակին: 2017 թուականէն սկսեալ ընկերութիւնը հանքի շահագործման ողջ ընթացքին ոսկիի առկայ գիներուն համաձայն տարեկան պիտի վճարէ 40 միլիոն տոլարի հարկեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.