ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը Սպահանի մէջ հանդիպում ունեցած է նահանգապետ Ռասուլ Զարքարպուրի հետ:
Յովիկ Աբրահամեան կարեւոր նկատած է Իրանի նահանգներու եւ Հայաստանի մարզերուն միջեւ համագործակցութիւնը, որուն յատկապէս պիտի նպաստեն փոխադարձ այցելութիւնները, բարեկամական կապերու ստեղծումը: Սպահանի նահանգապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի վարչապետին՝ իրենց նահանգը այցելելուն համար, եւ բարձր գնահատած է Սպահանի հայ համայնքի դերը նահանգի զարգացման մէջ:
Այնուհետեւ Հայաստանի վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիր, ուր հիւրերը ողջունած են կրթահամալիրի սաները, ուսուցիչները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Ողջունելով ներկաները՝ վարչապետ Աբրահամեան բարձր գնահատած է կրթահամալիրի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ կառավարութեան աջակցութիւնը յայտնած է ազգապահպանութեան նպատակով համայնքին մէջ կատարուած ամէն տեսակի նախաձեռնութեան:
21 Հոկտեմբերին վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Նոր Ջուղայի մարզամշակութային «Արարատ» միութիւն եւ մասնակցած Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Ս. Յովսէփ եկեղեցւոյ 350ամեակին նուիրուած յոբելեանական հանդիսութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.