ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան կից Ազգային ապահովութեան խորհուրդը յայտարարած է, թէ արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցք եւ Լուհանսք շրջաններուն մէջ Նոյեմբեր 2ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն պատճառով, Ռուսիա դարձեալ Ուքրանիոյ հետ սահմանին վրայ զօրքեր կը տեղակայէ:
Ինչպէս հաղորդած էինք, Տոնեցքի եւ Լուհանսքի ժողովրդային հանրապետութիւններու ղեկավարներու ընտրութիւնները դատապարտուած էին Արեւմուտքին կողմէ, իսկ Մոսկուա յայտարարած էր, որ կը յարգէ երկու շրջաններու բնակչութեան կամքը:
Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Լէոնիտ Տիպիլով եւս յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ճանչնայ ընտրութիւններու արդիւնքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.