– Ուքրանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ալեքսանտր Շլափաք Ուաշինկթընի մէջ յայտնած է, որ Քիեւ մտադիր է իր հակակշիռին տակ գտնուող Ուքրանիոյ արեւելեան Տոնպաս շրջանի քանդուած ենթակառոյցներու վերականգնման համար, ծախսել առնուազն 2 միլիառ տոլար: Ըստ անոր՝ Տոնպասի Ուքրանիոյ չենթարկուող գօտիին մէջ վիճակը աւելի վատ է:
– Աֆղանիստանի նոր նախագահ Աշրաֆ Ղանի Ահմատզայ որոշած է հրաժարիլ իր տոհմական անունէն: Աֆղանիստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը յայտնած է, որ համապատասխան հրամանը նախագահի գրասենեակէն ղրկուած է պետական հաստատութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն: Աֆղանիստանի մեծագոյններէն՝ փաշթուն ցեղախումբի անդամներուն մեծ մասը, Ահմատզայ անունը կ՛աւելցնէ իր երեխայի անուան վերջաւորութեան, ցոյց տալու համար անոր ցեղային պատկանելիութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.