Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը պարբերաբար նուիրահաւաքի ընթրիքներ կը կազմակերպէ համազգայնական կամ այլ ազգայիններու տուներէն ներս, մտերմիկ մթնոլորտի շուրջ հանդիպելու համար հին կամ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու հետ, զրուցելու նորագոյն իրադարձութիւններու մասին, իրազեկ դառնալու եւ տեղեկութիւններով հարստացնելու համար մեր համայնքի այն հատուածը, որ հաւատք ունի, թէ միասնական ուժերով հայ մշակոյթը կրնայ գոյատեւել նոյնիսկ Ամերիկայի այս ափերուն վրայ եւ մանաւանդ՝ հաւատք կ՛ընծայէ Համազգայինի գործունէութեան հանդէպ՝ սատարելով անոր վերընձիւղման:
Արդարեւ, իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, 86 տարիներէ ի վեր, Սփիւռքի մեր ազգային դիմագիծը կերտելով եւ հայապահպանման ու ազգապահպանման համար ամէն ճիգ ի գործ դնելով, Համազգայինը յառաջատար դեր ստանձնած է՝ հիմնելով ազգային վարժարաններ եւ հայագիտական հիմնարկներ: Անիկա յաջողած է պատրաստել ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ մշակութային գործիչներ, ինչպէս նաեւ հովանաւորած է հրատարակչական աշխատանքներ: Անիկա մայրենի լեզուն եւ յատկապէս արեւմտահայերէնը դարձուցած է իր գուրգուրանքի առարկան՝ նեցուկ կանգնելով անոր գոյատեւման դատին, նաեւ Մեսրոպեան ուղղագրութեան անաղարտ պահպանման: Այս իմաստով, պէտք է արդարօրէն գնահատել Շրջանային վարչութեան նախկին անդամ Սագօ Պէրպէրեանի եւ անոր կնոջ՝ Պեքիին, իշխանավայել հիւրասիրութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2014ին, Կլենտէյլի իրենց բնակարանին մէջ, ուր բազմիցս հիւրընկալուած են նմանատիպ հաւաքներ:
Երեկոյին համար հրաւիրուած էր Համազգայինի ասմունքի նորակազմ խումբը, բաղկացած՝ Ազգային Շամլեան վարժարանի սաներէն Անի Ղազարեանէն, Արա Եագուպեանէն, Մեղեդի Աւագեանէն եւ Նիքոլ Հաժժարէն, ընկերակցութեամբ իրենց մայրենի լեզուի ուսուցիչ Սարօ Նազարեանի: Աշակերտները ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութիւնը, որուն ներկաները արձագանգեցին խանդավառ ծափողջիւններով՝ մեծապէս քաջալերելով զիրենք, իրենց մէջ տեսնելով ապագայ ասմունքողներն ու ազգին պատիւ բերող խոստմնալից աշակերտները:
Համազգայինի ընթացիկ տարուան գործունէութեան մասին պատկերացում մը տալու համար, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան Power Point-ի օգնութեամբ ներկայացուց պատկերներ՝ երգի, պարի, թատրոնի եւ մշակոյթի այլ բնագաւառներէն առնուած: Ան նոյնիսկ անդրադարձաւ Նոյեմբերին կազմակերպուելիք կերպարուեստի եւ նկարչութեան ցուցահանդէս-վաճառքին, որ պիտի կայանայ Համազգայինի կեդրոնէն ներս, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի եւ օժանդակութեամբ «Ասպարէզ»ի ու Hovig՛s Arts-ի: Ներկաները ողջունելի գտան եւ բարձր գնահատեցին արձանագրուած նուաճումներն ու ապագայի հաւանական ծրագիրները:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Եագուպեան: Դոկտ. Եագուպեան շեշտը դրաւ Համազգայինի դերին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի այս ափերուն անոր ունեցած կարեւորութեան վրայ՝ մաղթելով, որ Համազգայինը իր գործունէութեամբ կարենայ վայելել մշակութային կեանքէն ներս այն հեղինակութիւնը, զոր կը վայելէ Հայ Դատի յանձնախումբը՝ հայ քաղաքական ու ազգային կեանքէն ներս, իր շարքերուն մէջ ներգրաւելով երիտասարդ եւ գործօն համակիրներ:
Վ. Եագուպեան անգամ մը եւս շեշտեց Կեդրոնական կոմիտէին յանձնառութիւնը՝ սատար հանդիսանալու Համազգայինի ծրագիրներուն: Ան նաեւ անդրադարձաւ կեդրոնական հիմնադրամ ստեղծելու հեռանկարային ծրագիրին, առաւելագոյնս նեցուկ կանգնելու Համազգայինի գործունէութեան, ներառեալ՝ քսան տարուան պատմութիւն ունեցող երիտասարդական Ֆորումին:
Հիւրասիրութեան աւարտին, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հիւրընկալ ամոլին՝ անոր յանձնելով արուեստի թանկարժէք կտաւ մը:
Իսկապէ՛ս իւրայատուկ երեկոյ մըն էր Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25ի ընթրիք-հաւաքը, ուր համախմբուած էր ազգայիններու հոյլ մը, որ իր սրտաբուխ նուիրատուութիւններով նոր շունչ ու աւիւն ներարկեց հայ մշակոյթի յաւիտենական խնկարկու՝ մեր բոլորին սիրելի Համազգայինին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.