
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման մարմինին հրաւէրով, Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14ի կէսօրին այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ թեմի ժողովականութեան անդամներուն կողմէ: Հիւր իրաւաբանին կ՛ընկերանային իր գործակիցներէն Պեղրին Էսա, Ցեղասպանութեան 100ամեակի մարմինի ներկայացուցիչ Ճեքի Թովմասեան, Պոլսահայ միութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան եւ այլ աշխատակիցներ: Անոնք դիմաւորուեցան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեանի, թեմիս Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան դիւանի անդամներու եւ Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինի ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ողջոյին խօսք արտասանեց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մարմինին մօտ Ազգ. առաջնորդարանի ներկայացուցիչ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան: Ան յայտնեց, որ առաջնորդ սրբազանը այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցող Եպիսկոպոսաց ժողովին մասնակցելու համար, իսկ այդ ժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն էին Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչումն ու հայութեան պահանջատիրութեան հետապնդումը: Ան նշեց, որ յարգելի հիւրը կ՛ողջունէ Ազգ. առաջնորդարանը, որ կը գործէ Սիսէն արմատախիլ եղած եւ Անթիլիասի մէջ վերահաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ. այս առաջնորդարանն ալ, ինչպէս կաթողիկոսութիւնը, պահանջատէր կը մնայ հայութեան պատկանող կալուածներուն եւ այլ իրաւունքներուն նկատմամբ: Տէր հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հրանդ Տինքի եւ մարդկային իրաւունքներուն վերաբերեալ դատերու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթինի աշխատանքին մասին եւ առաջնորդ սրբազանին կողմէ մակարգրուած գիրքեր՝ իբրեւ յուշանուէր, յանձնեց հիւրին:
Ողջոյնի խօսք արտասանեցին նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ Վահէ Եագուպեան:
Վահէ Յովակիմեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նկատեց, որ անձի մը ու անոր աշխատանքին մասին երկարօրէն լսելէ ետք, անոր հետ ուղղակի հանդիպում ունենալը տարբեր հանգամանք կը ստանայ եւ առիթ է խօսակցելու մարդկային ու հասարակական հարցերու մասին: Ան յարգելի հիւրը ողջունեց Սիսի կաթողիկոսութեան աւանդներու ժառանգորդ Ազգ. առաջնորդարանիս յարկին տակ եւ հաստատեց, որ երբ հայութիւնը կը պատրաստուի յիշատակելու Ցեղասպանութեան 100ամեակը, այդ յիշատակումը նաեւ ընդհանուր արդարութեան հետամտութիւն է:
Վահէ Եագուպեան գոհունակութեամբ արտայայտեց, որ Չեթին կը գտնուի Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ՝ նկատելով, որ այս այցելութիւնը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի. մեր միտքին մէջ եղող հարցը միայն հայու եւ թուրքի հարցը չէ, այլ է նաեւ արդարատենչի ու իրաւազրկողի հարց. արդարութեան համար գործողներ քով քովի գալով՝ արդարութեան գործընթացը կրնան առաջ տանիլ յարաճուն թափով: Ան նկատեց, որ Ֆ. Չեթին արդարատենչութեան հարցերը իրաւական գետնի վրայ հետապնդող առաջիններէն է, եւ որ ինք անձամբ ծանօթ է հիւր իրաւաբանին մօտիկ շրջանակի մարդոց, որոնք Թուրքիոյ մէջ քաջաբար առաջ կը տանին արդարութեան եւ մարդկային իրաւուքներու պաշտպանութիւնը:
Եագուպեան գնահատանք արձանագրեց Չեթինի յանդուգն ու վտանգներ յանձն առնող աշխատանքներուն համար եւ յոյս յայտնեց, որ Օսման Գաւալըի եւ ուրիշներու հետ գործակցութեան ճամբով, այս առաջադրանքները յաջողութեան կը հասնին:
Ապա խօսք առաւ Ֆեթհիէ Չեթին եւ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի կատարած թարգմանի աշխատանքին համար: Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան ու անկէ բխող հարցերուն՝ ան հաստատեց, որ անոնք իրաւական հարցեր են. ինք կ՛աշխատի անոնց լուծման ի խնդիր ու հանգիստ պիտի չընէ, եթէ անոնք լուծում չգտնեն:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք այս ծիրին մէջ կը դիմեն իրեն: Ակնարկելով Էրտողանի կողմէ հայութենէն ներողութիւն խնդրելու արտայայտութեան՝ ան նկատել տուաւ, որ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ, ո՛չ ալ պէտք է այս հարցը քաղաքական գործիքի վերածել, այլ անհրաժեշտ է, որ յանցաւորը ընդունի իր յանցանքը, ունենայ ամօթի զգացում, Թուրքիոյ դասագիրքերուն մէջ ցարդ արձանագրուած սխալ տեղեկութիւնները ճշդուին ու ճշմարտութիւնը տեղ գտնէ հոն, եւ վերջապէս, Ցեղասպանութեան զոհերու զաւակները, թոռներն ու ծոռները արդար հատուցում ստանան ստացուածքի եւ այլ կորուստներու դիմաց:
Չեթին ըսաւ, որ այս առաջադրանքներու իրականացման համար ինք կարելին պիտի ընէ. պէտք է իրականացնել այն, ինչ կարելի է ու հասանելի:
Հետեւեցաւ մտերմիկ զրոյցի պահ մը: Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Ծովիկ Զէյթլեան, ողջունելով Չեթինի այցելութիւնը՝ հպարտութիւն արտայայտեց, որ ծագումով հայ կին մը արդարութեան դատապաշտպան է, յատկապէս՝ Հրանդ Տինքի դատին մէջ:
Ազգ. վարչութեան անդամներէն Մհեր Տէր Յովհաննէսեան բաղձանք արտայայտեց, որ յառաջիկայ տարի, Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակման օրերուն, մեծ թիւով թուրք մտաւորականներ, ականաւոր դէմքեր եւ ժողովուրդէն ներկայացուցիչներ միանան Թաքսիմ հրապարակին վրայ յիշատակման հաւաքին:
Չեթին որոշ լուսաբանութիւններ փոխանցեց Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ նկատուող դանդաղ բարելաւումներուն մասին՝ նշելով, որ կուսակցութիւն մը արդէն իսկ ընդունած է Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը, տարակուսանքի ալիքը սկսած է նահանջելու եւ աշխատանք կը տարուի, որ պատմական ճշմարտութիւնները աւելի յստակ կերպով ճանաչում գտնեն:
Նախքան հրաժեշտը, յարգելի հիւրերը այցելեցին Ազգ. առաջնորդարանի բաժանմունքները: