ԵՐԵՒԱՆ.– 17 Նոյեմբերին Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոն յայտարարած է, որ որոշած է Ֆրանսա-Ղարաբաղ Բարեկամութեան խումբին անդամ դառնալ:
Յայտարարութեան մէջ Նիքոլա Տարակոն նշած է, որ Վալանս իր ներդրումը պիտի ունենայ Ֆրանսա-Ղարաբաղ Բարեկամութեան շրջանակին կողմէ իրականացուող ժողովրդական դիւանագիտութեան մէջ:
Վալանսի քաղաքապետը նաեւ ընդգծած է, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք մասնակցութեան անկարելի է կարգաւորել ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը եւ նշած է, որ խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան միտող Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ձգտումը արդար է:
Ն. Տարակոն նաեւ յայտնած է Վալանսի եւ Ստեփանակերտի միջեւ Բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրութեան իր մտադրութեան մասին:
Ֆրանսա-Ղարաբաղ Բարեկամութեան շրջանակը ստեղծուած է 19 Մարտ 2013ին, անոր անդամ են քաղաքական գործիչներ, Խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ ծերակուտականներ: Նիքոլա Տարակոն դարձաւ այս խումբի 30րդ անդամը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.