«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2014ին կազմակերպեց իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիօթոնը, որուն ընթացքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով հանգանակուեցաւ 77,500 (եօթանասուն եօթը հազար հինգ հարիւր) ամերիկեան տոլար՝ ի նպաստ Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման:
Այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ «Հայաստան» հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինը կը նշէ.
«Միջին Արեւելքի ամբողջ շրջանին ապրած ապահովական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ոչ նպաստաւոր ներկայ պայմաններով հանդերձ, լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ համահայկական կարեւոր նշանակութիւն ներկայացնող հարցերուն նկատմամբ միշտ կը մնայ յանձնառու եւ իր ազգային բարձր գիտակցութեամբ կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները:
Մարմինս մեծապէս կը գնահատէ դրամահաւաքին մասնակցած բոլոր հայորդիները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.