ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ընդառաջելով թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանի եւ Ազգային իշխանութեան հրաւէրին:
Վեհափառ հայրապետը պիտի կատարէ Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը եւ բացումը եկեղեցւոյ կից գտնուող Ազգային առաջնորդարանին ու դպրոցին: Տուպայի, Ապու Տապիի եւ Շարժայի մէջ, կաթողիկոսը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմական մարմիններու եւ պետական ու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.