ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4ի գիշերը, Նիւ Եորքի մէջ ցոյցերը եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան միջոցառումները շարունակուցան, դատապարտելու համար սեւամորթ անզէն քաղաքացի մը սպաննած սպիտակամորթ ոստիկանը անպարտ արձակելու որոշումը։
Ոստիկանութիւնը աւելի քան 200 քաղաքացի ձերբակալած է ցոյցերուն ընթացքին։ Կարգ մը վայրերու մէջ նաեւ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ արձանագրուած են։
Հինգշաբթի գիշեր ցոյց մը տեղի ունեցած է նաեւ Ֆինիքսի ոստիկանատան առջեւ, դատապարտելու համար այդ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած նման ոճիր մը։ Երեքշաբթի օր արձանագրուած այդ միջադէպին զոհ գացած էր այլ անզէն սեւամորթ քաղաքացի մը, երբ սպիտակամորթ ոստիկանը դեղահատի մը տուփը հրազէն կարծած էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.