
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. վարժարանէն ներս նուիրահաւաքի շարք մը միջոցառումներ տեղի ունեցան, մասնակցութեամբ վարժարանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ անձնակազմին։
Գոյացած գումարներն ու հաւաքուած նուէները յատկացուած են սուրիահայութեան նպաստելու համար տարուղ ՀՕՄի ջանքերուն, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաձեռնութիւններուն, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին ու «Operation Christmas Child» կազմակերպութեան։