ԵՐԵՒԱՆ.– 8 Դեկտեմբերին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի փոխնախագահ, Տանիլօ Ասթորիի հետ։
Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ բարեկամ Ուրուկուէյի հետ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները, եւ, հակառակ այն հանգամանքին, որ երկու երկիրներուն միջեւ հազարաւոր քիլոմեթրեր կան, Հայաստան եւ Ուրուկուէյ մօտիկ երկիրներ են, որոնց կը միաւորեն ամուր բարեկամութիւնը ու նուիրուածութիւնը համամարդկային արժէքներուն:
Ուրուկուէյի փոխնախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտած, որ Ուրուկուէյը մեծապէս կը գնահատէ եւ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ բարեկամութիւնը: Ան նշած է, որ երկու բարեկամ երկիրները ունին պատմական ու մշակութային բազմաթիւ հասարակաց յատկութիւններ: Տանիլօ Ասթորի կարեւոր նկատած է Ուրուկուէյի մէջ հայկական մեծ գաղութին առկայութիւնը եւ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան ամրապնդման նպատակով անոնց գործունէութիւնը:
Զրուցակիցները ընդգծած են կարեւորութիւնը այս տարուան Յուլիսին Հայաստանի նախագահի Ուրուկուէյ կատարած պետական այցելութեան, կնքուած համաձայնագիրներուն, ստորագրուած փաստաթուղթերուն, որոնք նոր լիցք հաղորդած են երկկողմ համագործակցութեան:
Էդուարդ Նալբանդեան յատկապէս շեշտած է, որ տակաւին 1965 թուականին աշխարհի մէջ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրը՝ Ուրուկուէյը սկիզբ դրաւ միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին: Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնած է Մոնթէ Վիտէոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնելու որոշման համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերուն առնչութեամբ:
Նախարար Նալբանդեան զրուցակիցին ներկայացուցած է տարածաշրջանային խնդիրներու եւ անոնց կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի մօտեցումները: Այս առումով Տանիլօ Ասթորի ընդգծած է, որ Ուրուկուէյ պիտի շարունակէ աջակցութիւնը ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.