ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- MyNewsLA.com կայքը կը հաղորդէ, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը որոշած է 1.7 միլիոն տոլար յատկացնել արուեստի ոլորտէն ներս զանազան նախագիծերու, որոնց շարքին են Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած եւ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ իրականացուելքի հանրային արուեստի ստեղծագործութիւններու ծրագիրները։
Նշեալ գումարով պիտի վերանորոգուին նաեւ շարք մը որմանկարներ, իսկ Հարաւային Լոս Անճելըսի Սենթրըլ պողոտային վրայ արուեստի գործեր պիտի տեղադրուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.